Search
Close this search box.

ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Անն-Լոռանս Փեթելի հանդիպումը Ռաշիտա  Տաթիի հետ՝ քննարկելու համար Ֆրանսա-Հայաստան մշակութային համագործակցութիւնը

Մարտ 29-ին Պուշ-տիւ-Ռոնի երեսփոխան, Տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի փոխնախագահ եւ Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն-Լոռանս Փեթել հանդիպում ունեցած է Մշակոյթի նախարար Ռաշիտա Տաթիի հետ։ Քննարկած են Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային համագործակցութեան ծրագրերը։

Հանդիպման ընթացքին Փեթել եւ Տաթի ընդգծած են Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը, դատապարտած են Ազերպայճանի կողմէ պատմական եւ կրօնական յուշարձաններու ոչնչացումն ու վերափոխումը` այդ գործողութiւնները որակելով միջազգային իրաvունքի լուրջ խախտում: Անոնք նաեւ համակարծիք գտնուած են, որ ԻՒՆԷՍՔՕ պէտք է վճռորոշ դեր խաղայ Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մէջ եւ կոչ ըրած են միջազգային այդ կազմակերպութեան փորձագիտական ​​առաքելութիւն ուղարկելու տարածաշրջան՝ գնահատելու համար վնասը եւ մշակելու՝ պահպանման ուղղութեամբ գործողութիւններու ծրագիր։

Փեթել եւ Տաթի քննարկած են նաեւ Ֆրանսայի մէջ հայկական մշակոյթին աջակցելու միջոցները։ Անոնք ուսումնասիրած են Փարիզի մէջ հայկական մշակութային կեդրոն մը ստեղծելու գաղափարը, որ պիտի ծառայէ որպէս հանդիպումներու, ցուցահանդէսներու եւ ձեռնարկներու վայր։ Անոնք նաեւ ընդգծած են Ֆրանսայի մէջ հայ արուեստագէտներուն սատար կանգնելու եւ երկու երկիրներու միջեւ մշակութային փոխանակումները դիւրացնելու կարեւորութիւնը։

Կողմերը քննարկած են ֆրանսական եւ հայկական համալսարաններու միջեւ կրթական համագործակցութեան ստեղծման կարելիութիւնը։ Նման համագործակցութիւնները կրնան կարելիութիւն ընձեռել երկու երկիրներու ուսանողներուն փոխանակելու իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը, ամրապնդելու մշակութային կապերը Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ:

Երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաները հաստատած են Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ հնագիտական ​​համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Անոնք քննարկած են միջնադարեան եւ նախապատմական հնագիտութեան ոլորտներուն մէջ ծրագրեր մշակելու կարելիութիւնները:

Տաթի եւ Փեթել նաեւ ընդգծած են տեղական մակարդակին մշակութային փոխանակումներու կարեւորութիւնը եւ խրախուսած Ֆրանսայի ու Հայաստանի քաղաքներու զուգորդումը, մշակութային կազմակերպութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու միջեւ կապերու ստեղծումը, խթանելու համար երկու երկիրներու քաղաքացիներու միջեւ փոխըմբռնումը: