Յուլիս 9-ին, Ֆրանսախօսութեան խորհրդարանական վեհաժողովը (ՖԽՎ) որդեգրած է «Արցախի հայութեան եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ» բանաձեւը։ Լուրը կը հաղորդէ Ազգային ժողովի Եւրոհամարկման յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան՝ Դիմագիրքի իր էջին գրառումով:
Ըստ Եղոյեանի՝ բանաձեւին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ նկատի առնելով Արցախի վրայ Ազերպայճանի՝ 2023 Սեպտեմբեր 19-ի յարձակումը, աւելի քան 100 հազար հայերու բռնի տեղահանումը եւ Ազերպայճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան շարունակական խախտումները՝ ՖԽՎ-ն կոչ կ՚ընէ յարգելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ իր սահմաններուն մէջ:
«Խստօրէն կը դատապարտենք ազերպայճանական ռազմական ներխուժումը եւ Ազերպայճանի 2023 Սեպտեմբեր 19-ի յարձակումը, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ցեղային զտումը եւ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը»,– շեշտուած է բանաձեւին մէջ:
ՖԽՎ-ն, ըստ բանաձեւին, նաեւ՝ «աներկբայ աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան»:
«Կ՚աջակցինք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ, ինչպէս նաեւ՝ 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրի հիմքով՝ սահմանի զատման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման՝ ինքնիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ եւ այս համածիրին մէջ՝ Հայաստանի կառավարութեան “Խաղաղութեան խաչմերուկ” նախաձեռնութեան»,– նշուած է բանաձեւին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։