Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանի բանակը փակած է Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին` Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերու միջեւ

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի բանակը փակած է Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին` Աղաւնոյ եւ Տեղ գիւղերու միջեւ: 

Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ արդէն պատրաստ է փակուած ճամբան շրջանցող՝ Սիւնիքի մարզի Տեղ-Կոռնիձոր նոր կառուղին, որ կը միանայ 2022 Օգոստոսին շահագործման յանձնուած՝ Կոռնիձոր – Հին Շէն ճանապարհին (Բերձորի միջանցքին): Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Տեղ-Կոռնիձոր նշուած ճամբուն կպրապատման աշխատանքները  ընթացքի մէջ են։

Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Տեղ-Կոռնիձոր ճամբան երթեւեկելի է, եւ նկատի առնելով Արցախի շարունակուող շրջափակումը, այդ ճանապարհով կարելի է իրականացնել Արցախի մարդասիրական մատակարարումները՝ ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ: Այդ ճամբան, ի դէպ, Արցախի Հանրապետութեան սահմանին՝ Հակարի գետի կամուրջին մօտ, կը վերահսկէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը։