Ազերպայճանի իշխանութիւնները տենդագին կերպով Նախիջեւանը կը նախապատրաստեն «Զանգեզուրի միջանցքի բացումին»։
ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի նախագահը հաստատած է Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան (ՆԻՀ) 2023-2027 տարիներու ընկերային-տնտեսական զարգացման պետական ծրագիրը, ուր նշուած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքին բացումը անհրաժեշտ կը դարձնէ ՆԻՀ-ի երկաթուղային ենթակառոյցին արդիականացումը», եւ այդ պատճառով ալ երկաթուղային համակարգը կը վերակառուցուի, կ՚ապահովուի փոխադրութիւններու անվտանգ եւ արագ ծառայութիւնը։
ՆԻՀ-ի ամբողջ տարածքին համար կը ստեղծուի յատուկ մաքսային գօտի՝ մաքսային արտօնութիւններով (բացառութեամբ Ազերպայճանի մէջ արտադրուած ապրանքներու, որոնք ներառուած են ցանկին մէջ)։ Ծրագրին համաձայն՝ Մաքսային պետական կոմիտէն՝ Տնտեսութեան եւ Ելեւմուտքի նախարարութիւններուn հետ միասին պէտք է ապահովէ 2023-2027 տարիներու յատուկ մաքսային գօտիին աշխատանքը։
Յիշեցնենք, որ խօսքը Հայաստանի տարածքին կը վերաբերի, իսկ Հայաստան ամէն առիթով պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ Հանրապետութyան տարածքով արտատարածքային միջանցքներ պիտի չըլլան։ Սակայն ատիկա չի խանգարեր Պաքուն յայտարարելու միջանցքի բացման մասին։ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներու պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ Հայաստանը ընդհանրապէս չի յիշատակուիր։