Ազերպայճանցիները քակած եւ վար իջեցուցած են Բերձորի եկեղեցւոյ գմբէթին եւ զանգակատան խաչերը

 

Ազերպայճանցիները առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ արդէն քակած եւ վար իջեցուցած են Օգոստոս 25-ին Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս գիւղերուն հետ ազերպայճանական կողմին յանձնուած Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ գմբէթին եւ զանգակատան խաչերը։