Պաքուի շինծու դատավարութեան՝ հայ պատանդներուն համար պահանջուած պատիժները ստացած են աւելի յստակ եւ ա՛լ աւելի տխուր պատկեր մը։ Մինչ առաջին առթիւ յայտարարուած էր, թէ միայն Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Դաւիթ Բաբայեանի համար դատախազը պահանջած է ցմահ բանտարկութիւն, այդ ծայրագոյն պատիժներուն թիւը հիմա բարձրացած է հինգի։
Ստորեւ իւրաքանչիւր հայ պատանդի համար պահանջուած պատիժը.
Ցմահ բանտարկութիւն.
– Արայիկ Յարութիւնեան, Դաւիթ Բաբայեան, Դաւիթ Իշխանեան, Լեւոն Մնացականեան, Դաւիթ Մանուկեան։
Տարբեր պայմանաժամով բանտարկութիւններ.
– Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Մադաթ Բաբայեան, Մելիքսէթ Փաշայեան՝ 20-ական տարի,
– Գարիկ Մարտիրոսեան՝ 19 տարի,
– Դաւիթ Ալավերտեան՝ 18 տարի,
– Լեւոն Բալայեան՝ 17 տարի,
– Վասիլի Բեգլարեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Էրիկ Ղազարեան՝ 16-ական տարի։
Նշենք, թէ որոշ պատանդներու «նուազ ծանր» պատիժը «չենք պարտիր» ազերպայճանական արդարադատութեան «բարեացակամութեան», այլ պարզապէս երկրին օրէնսդրութիւնը չի թոյլատրեր 65 տարեկանէն վեր «դատապարտեալ»-ները պատժել ցմահ բանտարկութեամբ։