Ալիեւ դարձեալ խօսած է ազերիներու վերադարձի իրաւունքին եւ մշակութային ժառանգութեան մասին

Հայաստանի մէջ ազերպայճանական մշակութային ժառանգութեան վերականգնումն ու պաշտպանութիւնը ազերպայճանցի ժողովուրդին օրինական պահանջն է եւ անհրաժեշտ է համընդհանուր արժէքները յարգել, թշնամանքի էջը փակելու եւ ժողովուրդներու միջեւ փոխըմբռնումը խթանելու համար։

Ըստ ազերպայճանական պետական APA գործակալութեան՝ այս մասին նշուած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ «Մշակութային ժառանգութիւնը եւ վերադարձի իրաւունքը. Հայաստանէն արտաքսուած ազերպայճանցիներու մշակութային ժառանգութեան վերականգնումը որպէս արդարութեան, հաշտութեան եւ խաղաղութեան ուղի» նիւթով 3-րդ միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած ուղերձին մէջ։

Ալիեւ կրկին խօսած է այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի համայնքին եւ անոր իրաւունքներուն մասին։ Ըստ իրեն՝ այս բնակչութեան մաս կը կազմեն տեղահանութիւններէն եւ ջարդերէն անմիջականօրէն տուժած մարդիկ։

“Այսօր կարեւոր է աշխուժացնել ջանքերը՝ ապահովելու համար Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ազերպայճանցիներու վերադարձը։ Ի վերջոյ, վերադարձի իրաւունքը մարդու իրաւունքներու հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Այս իրաւունքին ապահովումը կը նշանակէ ոչ միայն ֆիզիքական վերադարձ հայրենիք, այլեւ հոգեւոր ամբողջականութեան, մշակութային ժառանգութեան եւ հասարակութեան պատմական յիշողութեան վերականգնում”,– յայտարարած է ան։