Ալիեւ Մարտ 8-ին, Պաքուի մէջ, «Մարտահրաւէրներ եւ յոյսեր» 10-րդ համաշխարհային համաժողովի (որ աւելի՝ ազերպայճանական քարոզչութեան հարթակ մըն է, քան՝ տուեալ խնդիրներուն նուիրուած իսկական համաժողով մը) բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած է։
Ազերպայճանի բռնապետը իր խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ «Շուրջ երկուքուկէս տարիէ ի վեր Ազերպայճան վերականգնած է 10 հազար քառակուսի քմ. հսկայական տարածք (Հայերէն բռնագրաւուած տարածքներու մասին է խօսքը – «ՆՅ»), որ ամբողջութեամբ աւերուած էր»…
Ան նաեւ պնդած է, որ Ազերպայճան ռազմական ոճիր կամ աւերածութիւն չէ գործած, ոչ ալ՝ ցեղասպանութիւն, այլ՝ «գոհացած է միայն պատերազմի դաշտին վրայ հաշուեյարդար կատարելով»։
Ըստ Ալիւեի՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք իր երկիրը հանդէս եկած է խաղաղ բանակցութիւններ սկսելու նախաձեռնութեամբ եւ ներկայացուցած է հինգ սկզբունք, որոնք կարնան հիմք ծառայել Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման համար։ “Յոյսով ենք, որ միջազգային դերակատարները, անոնց ներդրումը այս գործին մէջ կը համոզեն Հայաստանը չմսխելու համար այս կարելիութիւնը”,- աւելցուցած ան՝ նշելով, որ «Ազերնայճան խաղաղութիւն կ՚ուզէ”։
«Ոչ մէկ խոչընդոտ կայ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար»
Այնուհետեւ, Պաքուի մենատէրը պնդած է, թէ «ոչ մէկ խոչընդոտ կայ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար»։ Ան կրկնած է անգամ մը եւս, որ Արցախի հայերը կրնան ապրիլ ազերպայճանական օրէնքներով` որպէս ազգային փոքրամասնութիւն:
“Վստահ եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանի Հայերը այդ պարագային շատ աւելի լաւ կենցաղային պայմաններու մէջ պիտի ապրին։ Իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր պատճառը, իր ընթացքն ու իր աւարտը: Բայց կարեւորը այն է, որ երկիրներու միջեւ վէճերը լուծուին միջազգային իրաւունքի հիման վրայ. հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը չեն կրնար ուժի կիրարկումով փոխուիլ”, –ընդգծած է Ալիեւ։
«ՆՅ» – Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ վերոնշեալ համաժողովը կրէր «Լրբութեան դասեր» խորագիրը։