Ալիեւ մտադիր չէ Երեւան գալ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակցելու համար

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անհրաժեշտ չի նկատեր Հայաստան գալ եւ մասնակցիլ 2026 Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին։ Այս մասին կը հաղորդէ ազերպայճանական Caliber.az-ը։

Լրասփիւռը, յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրի մը, կը նշէ, թէ ի տես երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին՝ Ալիեւի Երեւան այցը չի նկատուիր նպատակայարմար եւ անհրաժեշտ քայլ մը։ Ըստ լրասփիւռին, Ազերպայճան կ՚ելլէ «իրակա՛ն գործողութիւններու սկզբունքէն»։ «Քանի դեռ իրաւական հիմքը ձեւակերպուած չէ եւ պարտաւորութիւնները կատարուած չեն, նման քայլեր կրնան անժամանակ ըլլալ։ Բարձր մակարդակի այցելութիւն մը՝ առանց ստորագրուած (խաղաղութեան) դաշնագրի եւ գործիքակազմերու կեանքի կոչման, կրնայ կեղծ տպաւորութիւն մը ստեղծել, թէ իբր գործընթացը աւարտած է»,– կը հաղորդէ Caliber.az։

Յիշեցնենք, որ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնած էր, թէ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի նախագահները հրաւիրուած են Երեւան՝ Մայիսին Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակցելու համար։

***

Այսպիսի «յարգելի» մասնակիցէ մը զրկուելէ անդին, որ Երեւանի վեհաժողովին համար թերեւս դիւանագիտական մեծ կորուստ չնկատուի, Ազերպայճանի նախագահին այս մերժումին պատճառաբանութիւնը առիթ կու տայ լուրջ խորհրդածութեան։

Սա ոչ այնքան ընթացակարգային, որքան բովանդակային մերժում մըն է, որ մերկացնող հայելին կը դառնայ այն խոր անջրպետին, որ տակաւին կը գոյատեւէ Երեւանի եւ Պաքուի պաշտօնական դիրքորոշումներուն միջեւ։ Մինչ Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ անոր մօտ կանգնած շրջանակները կը փորձեն ներքին եւ արտաքին լսարաններուն հրամցնել այն խօսոյթը, թէ խաղաղութիւնը գրեթէ հասանելի է կամ «ձեռք ձգուած» է, Պաքուէն եկած այս պատասխանը կը վկայէ բոլորովին այլ իրականութեան մը մասին։

Ալիեւի դիրքորոշումը, ինչպէս կը մեկնաբանեն ազերպայճանական աղբիւրները, յստակ է. քանի դեռ «իրաւական հիմքը ձեւակերպուած չէ» եւ ստորագրուած դաշնագիր չկայ մէջտեղը, Երեւան այցելելը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ՝ գործընթացի աւարտի «կեղծ տպաւորութիւն» ստեղծելու անիմաստ փորձ մը։ Այսպէսով, Ալիեւ ոչ միայն կը մերժէ Երեւան գալ, այլեւ հրապարակայնօրէն կը հաստատէ, թէ ազերպայճանական կողմին ըմբռնումով՝ բանակցային սեղանին վրայ տակաւին շօշափելի արդիւնք գոյութիւն չունի։