ԱԼՖՈՐՎԻԼ – Արմէնլիվրը արդէն 20 տարեկան է

Այս տա­րի Ալ­ֆորվի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տու­նը տօ­նեց Ար­մէնլիվ­րի 20-րդ տա­րեդար­ձը։ 

Նո­յեմ­բեր 27-ին, Տան նո­րան­շա­նակ տնօ­րէնու­հին՝ Նո­րա Սա­րաֆեան-Թաշ­ճեան բաց­ման խօս­քին մէջ ընդգծեց Ալ­ֆորվիլ քա­ղաքին հիւ­րընկալ ու մշա­կոյ­թա­յին դի­մագի­ծը՝ աւելցնե­լով, որ Ար­մէնլիվր գիր­քի տա­րեկան տօ­նավա­ճառի իրա­դար­ձութիւ­նը անոր կա­րեւոր անդրա­դար­ձե­րէն մէկն է իբ­րեւ՝ հան­դի­պու­մի, փո­խանա­կու­մի եւ յայտնա­գոր­ծումի վայր։ 

Տա­րուէ-տա­րի Մշա­կոյ­թի տու­նը կ՚ըն­դարձա­կէ իր գոր­ծունէու­թեան դաշ­տը։ Նոր տա­րուան առ­թիւ գիր­քի տօ­նավա­ճառը առիթ կը հան­դի­սանայ հան­րութեան հետ մշա­կու­թա­յին ան­մի­ջական շփու­մի՝ գիր­քե­րու, հե­ղինակ­նե­րու հետ հան­դի­պու­մով եւ մա­նուկնե­րու եւ դպրո­ցական­նե­րու ուղղուած այ­լա­զան մշա­կու­թա­յին աշ­խա­տանոց­նե­րու կազ­մա­կերպմամբ։ Այս տա­րուան նո­րու­թիւննե­րու շար­քին էր Փա­րիզի Արա­բական աշ­խարհի հիմ­նարկին, Ինալ­քո­յի հետ գոր­ծակցու­թիւնը, ինչպէս նաեւ Հա­մազ­գա­յինի գիր­քե­րու տա­րած­ման իրա­ւասու­թիւնը, զոր ձեռք ձգած է Ալ­ֆորվի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տու­նը։

20-րդ տա­րեդար­ձին առ­թիւ գրա­սէր մտա­ւորա­կան­նե­րու կող­մէ կա­տարուած էր 20 գիր­քե­րու ընտրու­թիւն մը, որոնք յա­տուկ կեր­պով յանձնուած էին հան­րութեան ու­շադրու­թեան։

Նա­խատե­սուած է «Եւ եղեւ սփիւռքը» դա­սախօ­սու­թիւննե­րու շարք մը, 2026 տա­րեշրջա­նի առա­ջին եռամ­սեային ըն­թացքին, Մարկ Նշա­նեանի, Տիգ­րան Եկա­ւեանի եւ Անա­հիտ Տօ­նապե­տեանի մաս­նակցու­թեամբ։ 

20-րդ տա­րեդար­ձը առիթ էր նաեւ նշե­լու Ալ­ֆորվի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տան նախ­կին տնօ­րէն­նե­րու ներդրու­մը։ Բեմ հրա­ւիրուեցան հիմ­նա­դիր­ներ՝ Արա Գրի­գորեան, Ար­շա­լոյս Սար­գի­սեան, Պէաթ­րիս Անա­նեան, Յաս­միկ Գե­ւոնեան։ Իսկ այս բո­լորէն վեր զգա­լի է ու շնոր­հա­ւորե­լի Ալֆրո­վիլի հայ հա­մայնքի կա­մաւոր­նե­րու սի­րալիր աշ­խա­տան­քը, որ հա­ւաքա­կան կամ­քի ու ինքնու­թեան զօ­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւնն է։

Բաց­ման արա­րողու­թան ներ­կայ էին Ալ­ֆորվի­լի քա­ղաքա­պետ՝ Լիւք Գար­վունաս ու իր գոր­ծա­կից­նե­րը, հայ հա­մայնքի պա­տաս­խա­նատու­ներ։ Քա­ղաքա­պետա­րանը ամէն տա­րի կը հիւ­րընկա­լէ Ար­մէնլիվրն ու նպաս­տը կը բե­րէ Հայ մշա­կոյ­թի տան գոր­ծունէու­թեան։ Ող­ջոյնի խօս­քով հան­դէս եկան նաեւ քա­ղաքա­պետն ու Մշա­կոյ­թի տան նա­խագահ Եդուարդ Պա­ռաւեան, որոնք ընդգծե­ցին եռօ­րեայ մի­ջոցառ­ման մշա­կու­թա­յին բարձր որա­կը։ Երե­կոյ­թը ըն­թա­ցաւ երաժշտա­կան կա­տարու­մով՝ Ռու­բէն Կնիազեանի, Դա­ւիթ Աբ­րա­համեանի եւ Անուշ Ար­շա­կու­նիի։

Բա­ցի Ալ­ֆորվի­լէն, Ար­մէնլիվ­րը պի­տի կրկնուի Իսի-լէ-Մու­լի­նոյի Հա­մազ­գա­յին-Թարգման­չաց վար­ժա­րանին մէջ, Դեկ­տեմբեր 13-14-ին, եւ Փա­րիզ՝ ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մա­նու­կեան սրա­հին մէջ, Յու­նուար 24-25-ին։

Թ. Շ. ■