ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն՝ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի հետ Յունուար 3-ին ունեցած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին արծարծած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը քննարկելու նպատակով յատուկ բանագնաց նշանակելու հարցը։ Կողմերը շեշտած են նաեւ Ուքրաինայի մէջ ռուսական սպառնալիքին առնչուող համակարգումի շարունակականութեան կարեւորութիւնը, համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնը՝ իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լուծման ուղղութեամբ։
Յիշեցնենք, թէ 2021 Դեկտեմբեր 27-ին Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ բանագնացներուն առաջին հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Մոսկուայի մէջ, հաւանաբար՝ Յունուարին։