Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Անի Բադալեան. «Ազերպայճան կ՚օգտագործէ «Ոչ մէկ բեւեռի միացած երկիրներու շարժում» հարթակը յարձակողական ու հակահայկական քարոզչութեան համար»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան Թուիթըրի իր հաշիւին հետեւեալը գրած է.

«Ազերպայճան կ՚օգտագործէ “Ոչ մէկ բեւեռի միացած երկիրներու շարժում”-ի եւ անոր նախագահութեան հարթակը՝ յարձակողական ու հակահայկական քարոզչութեան համար, այդ կարգին՝ խեղաթիւրելով պատճառները և Արցախի հակամարտութեան էութիւնը, այսպէսով խախտելով թէ՛ Շարժումի, թէ՛ ալ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներն ու միջազգային ատեաններու որոշումները»: