Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ապրիլ 8-ին Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է։ Քննարկուած են Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը, տարածաշրջանային վերջին զարգացումներն ու անոնց ազդեցությիւնը Արցախի վրայ:
Շփման գիծին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ զեկուցած է Պաշտպանութեան նախարար Կամօ Վարդանեան, ընդգծելով թէ՝ վերջին օրերուն իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է:
Երկրին ղեկավարը նշած է, թէ կը շարունակուի ջանքերու ներդրումը՝ Արցախի խաղաղության ու կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ:
“Ի հարկէ, ռուսական կողմի հետ շարունակում ենք ջանքերը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղից եւ Քարագլուխի բարձունքից ադրբեջանական զօրքերը ելման դիրքեր վերադարձնելու ուղղութեամբ: Կ՚ուզէի միաժամանակ շեշտել, որ Ռուսաստան քանիցս վերահաստատել է իր յանձնառութիւնը՝ երաշխաւորելու Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը, խաղաղապահ զօրակազմի ու ռազմաքաղաքական այլ գործիքակազմերի միջոցով: 2020 Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած եռակողմ փաստաթղթի դրոյթները շարունակում են գործել, եւ այդ տրամաբանութեան հիման վրայ մեր հայրենիքում շարունակելու ենք մեր խաղաղ կեանքի կառուցումը՝ միեւնոյն ժամանակ մշտապէս բարելաւելով մեր անվտանգութեան ապահովման սեփական գործիքակազմերի արդիւնաւէտութիւնը”,– յայտնած է նախագահ Յարութիւնեան:
Ան նաեւ ընդգծած է, թէ նկատի ունենալով տարածաշրջանային նոր իրողութիւններն ու մարտահրաւէրները՝ կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուին երկրին եւ քաղաքացիներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ տարբեր ծրագրերու իրականացումը:
Նիստին քննարկուած է նաեւ խորհրդարանական ուժերու մասնակցութեամբ Ազգային ժողովին մէջ հասարակական-քաղաքական բաց հարթակ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, հանրային տարբեր շրջանակներուն հետ պարբերաբար ռազմաքաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ քննարկումներ կազմակերպելու նպատակով։