 
															«Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի առանձնանշանը
«Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ը, Պրիւսէլի մէջ, ֆրանսական CAP Freedom of Conscience ոչ—կառավարական կազմակերպութեան հետ կազմակերպած է «Վերադարձի իրաւունքը միջազգային իրաւունքի մէջ» խորագրով համաժողով մը։
Ազերպայճանական պետական «Azertac» լրասփիւռին համաձայն՝ «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի նախագահ Ազիզ Ալեքպարլի մասնակիցներուն ներկայացուցած է կազմակերպութեան ստեղծման հիմնական նպատակները՝ պնդելով, թէ «արեւմտեան ազերպայճանցիներ»-ը անցեալ դարու ընթացքին համակարգուած եւ աստիճանաբար տեղահանուած են իրենց պատմական հողերէն։
Ազերպայճանի իշխանութիւնը «Արեւմտեան Ազերպայճան» կ‘անուանէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէկ մասը:
Ալեքպարլի խօսած է նաեւ «միլիառաւոր տոլարներու հասնող նիւթական վնասներու եւ անչափելի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում»-ի մասին, զորս իր ձեւակերպումով, Հայաստան պատճառած է ազերպայճանցիներուն՝ համակարգուած քաղաքականութեամբ։
Ըստ Ազիզ Ալեքպարլիի, հակառակ բազմաթիւ կոչերու՝ Հայաստան մերժած է երկխօսութիւն սկսիլ համայնքին հետ։
Երեւանէն ամենաբարձր մակարդակով բազմիցս յայտարարուած է, թէ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ «Արեւմտեան Ազերպայճան»՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին վրայ, եւ այս հարցով քննարկումը բացառուած է։
Պրիւսէլեան համաժողովին ընթացքին Ալեքպարլի նաեւ վստահեցուցած է, թէ «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ը կ՚աջակցի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համակեցութեան՝ համաձայն Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ որդեգրուած քաղաքական ուղիին։
“Մենք վստահ ենք, որ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ընդունուած պատմական որոշումները պիտի ապահովեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն”,– ըսած է ան։