«Արցախի կանայք յանուն ապագայի» քաղաքացիական կազմակերպութեան անդամները բաց նամակով դիմած են Եւրպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնին՝ ազերպայճանական շրջափակման հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական աղէտի կապակցութեամբ։
Ստորեւ՝ նամակը.
«Յարգելի՛ տիկին նախագահուհի,
Մենք՝ Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) կանայք, այս կոչը կ՚ուղղենք աշխարհին եւ անձամբ ձեզի՝ իբրեւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահուհի։
Մենք մատնուած ենք սովի եւ ցուրտի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ։ Մենք Ազերպայճանի կողմէ կազմակերպուած շրջափակման մէջ ենք: Ազերպայճան կը գողնայ մեր կազն ու ելեկտրականութիւնը եւ այդ պարզապէս ուժանիւթի ահաբեկչութիւն է։
Տիկի՛ն վոն տեր Լեյէն, անցեալ ամառ Դուք պայմանագիր ստորագրեցիք Ազերպայճանէն Եւրոպական Միութիւն կազի մատակարարումներու յաւելման համար։ Եւրոպա ապրող երախաները չեն մսիր, իսկ մեր երախաները չեն կրնար յաճախել մանկապարտէզ եւ դպրոց՝ ջեռուցման բացակայութեան պատճառով։ Մեր բժիշկները զրկուած են վիրահատութիւններ կատարելու եւ կեանքեր փրկելու կարելիութենէն: Մեր 120 հազարնոց բնակչութիւնը յայտնուած է Ալիեւի գերութեան մէջ:
Ազերպայճան իր կամքով կը դադրեցնէ Հայաստանէն Արցախ կազի ու ելեկտրականութեան մատակարարումը։ Ալիեւ կը կտրէ մեր կազատար խողովակներն ու ելեկտրականութեան լարերը:
Լաչինի միջանցքը՝ աշխարհի հետ մեր միակ կապը, Դեկտեմբեր 12-էն փակուած է Ազերպայճանի կողմէ: Մեր երախաները մնացած են առանց սնունդի, ելեկտրականութեան, ջեռուցման, դեղերու եւ բուժումի, կրթութեան կարելիութեան, ապագայի եւ կեանքի իրաւունքի։
Մենք կրնանք շատ բանի դիմանալ յանուն մեր երախաներուն, բայց մենք անյապաղ օգնութեան եւ մեր ձայնը լսելի դարձնելու կարիքը ունինք։ Թոյլ պիտի չտանք, որ մեր երախաները լուռ սպանուին:
Կը դիմենք Ձեզի որպէս աշխարհի ամենահզօր կինը, նաեւ որպէս եօթը երախաներու տէր եւ իր թանկագին ընտանիքին հոգ տանող մայր: Սրտանց կը յորդորենք Ձեզի կանգնիլ Արցախի կանանց ու երախաներու կողքին եւ ընելու այն ամէն ինը, որ Ձեր ուժերու սահմաններուն մէջ է, որպէսզի Ազերպայճան դադրեցնէ իր կազմակերպած դաժան շրջափակումը։
Յարգանքով՝
Արցախի կիներ»։