Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի շրջափակման կապակցութեամբ եւրոերեսփոխանին կոչը՝ «Խոսէփ Պորէ՛լ, այժմ պէտք է գործի անցնիլ»

 

Եւրոխորհրդարանի երեսփոխան, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Փեթեր վան Տալեն «Թուիթըր»-ի իր էջին տեղադրած է հետեւեալ գրառումը՝ Բերձորի միջանցքի խափանումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին կապակցութեամբ.

«Լեռնային Ղարաբաղի՝ ազերպայճանական շրջափակման դաժան հետեւանքները. դատարկ խանութներ ու յուսահատ մարդիկ։ Ինչո՞ւ լուռ է Եւրոպական Միութիւնը։ Ես չեմ հասկնար։  Խոսէփ Պորէ՛լ, այժմ պէտք է գործի անցնիլ»։

Երեսփոխանը նաեւ հրատարակած է այս նիւթին առնչուող BBC-ի յօդուածը (https://www.bbc.co.uk/news/world-europe-64174164)։