«Արցախ» սենեկային նուագախումբին համերգը

Միջազգային մեծ համբաւ վայելող երաժիշտներ՝ օփերայի երգչուհի Յասմիկ Պապեան, թաւջութակահար եւ խմբավար Նարեկ Հախնազարեան որոշած են իրենց զօրակցիլ «Արցախ» սենեկային նուագախումբին նոր շունչ տալու գաղափարին։

Մայիս 5-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Արցախ» սենեկային նուագախումբին համերգը՝ մենակատար Սերգէյ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ։