ԱՒՍՏՐԻԱ. Յակոբ Յովնաթանեանի գործը առաջին անգամ ըլլալով կը ցուցադրուի Վիեննայի Պելվետեր թանգարանին մէջ

Վիեննայի Պելվետեր թանգարանի պատկերասրահը, 300 տարուան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացնէ ոչ-աւստրիացի եւ աւստրական արուեստին հետ կապ չունեցող նկարիչներու գործերը։ Լուրը հաղորդուած է պատկերասրահին պաշտօնական կայքին վրայ՝ https://hyperallergic.com/709339/belvedere

Հոն կը ցուցադրուին հայ նկարիչ Յակոբ Յովնաթանեանի, ինչպէս նաեւ ինտոնեզիացի Ռատէն Սալեհի եւ թուրք Օսման Համտի պէյի նկարները։

Յովնաթանեանի գործերէն կը ցուցադրուի «Նասեր էդ-Տին, Պարսկաստանի շահը» գործը, զոր նկարիչը նուիրած է Աւստրիոյ կայսր Ֆրանց Ժոզէֆ Ա.ին, 1861-ին։ Նկարին մէջ պատկերուած է երիտասարդ շահը, որ կանգնած է թնդանօթի մը քովը։ Անոր ձեռքին աստղադիտակ մը կայ, հագին` շքեղ մորթէ վերարկու։

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Մարտ 27։