«Աւրորա-2025» մրցանակը շնորհուած է բժիշկ Ճամալ Էլթայեպին

Բժ. Ճամալ Էլթայեպ 

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան 2025-ի «Աւրորա» համաշխարհային մրցանակը շնորհուած է սուտանցի բժիշկ Ճամալ Էլթայեպին։ 1 միլիոն տոլար պարգեւը անոր յատկացուած է՝ հակամարտութեան գօտիին մէջ քաջաբար եւ նուիրումով ցուցաբերած բժշկական օգնութեան համար։

Բժիշկ Էլթայեպ մեծարուած է Սուտանի մէջ ունեցած իր առանցքային դերակատարութեան համար, ուր ան կը շարունակէ բաց պահել «Ալ Նաօ» հիւանդանոցը Օմտուրմանի մէջ. ան կը մնայ Մեծ Խարթումի տարածքին գործող վերջին բժշկական հաստատութիւններէն մէկը՝ հակառակ կործանարար քաղաքացիական պատերազմին եւ պարագաներու սուր պակասին։

Մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 7-ին, Նիւ Եորքի Էլիս կղզիին վրայ, որ կը խորհրդանշէ ապաստանն ու նոր սկիզբը։

Մարդկայնութիւնը չէ՛ անհետացած”,ըսած է «Աւրորա»-ի համահիմնադիր Նուպար Աֆէեան՝ ընդգծելով, որ բժիշկ Էլթայեպ կը մարմնաւորէ կարեկցանքի ոգին՝ ընդդէմ անտարբերութեան։

Նշենք, որ Էլթայեպ  ընտրուած է աւելի քան 800 թեկնածուի միջեւ։ Դափնեկիրը 1 միլիոն տոլար պարգեւը պիտի յատկացնէ իր աշխատանքի դաշտի ընդլայնման եւ կարիքաւոր համայնքներուն օգնող այլ մարդասիրականներու աջակցութեան նպատակներուն։

Աւելցնենք, թէ «Աւրորա» այս տարի կը նշէ իր գործունէութեան 10-ամեակը։