Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Գալիֆորնիոյ և Սիւնիքի միջև հաստատուած են «քոյր-նահանգային» յարաբերութիւններ

Փետրուար 10-ին, Գալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտը ընդունած է բանաձև մը, որով քոյր յարաբերութիւններ կը հաստատուին ԱՄՆ-ու Գալիֆորնիա նահանգին և Հայաստանի Սիւնիքի մարզին միջև։ Լուրը հաղորդած է ԱՄՆ-ու Հայ դատի յանձնախումբը։

Բանաձևով՝ Գալիֆորնիան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի հարաւային մարզին։ Ըստ յանձնախումբին՝ բանաձևը կը նպաստէ Գալիֆորնիոյ եւ Սիւնիքի միջև փոխշահաւէտ կրթական, տնտեսական և մշակութային փորձառութեանց փոխանակումներուն:

“Այնպիսի ճակատագրական պահու մը, երբ Սիւնիքի ինքնիշխանութիւնը մեծ վտանգի առջեւ կը գտնուի՝ Ազէրպայճանի և Թուրքիոյ կողմէ լուրջ սպառնալիքներու պատճառով, Գալիֆորնիոյ նահանգի այս համարձակ քայլը զօրակցութեան արտայայտութիւն է, որ իր կարգին կ՚ամրապնդէ Հայաստանի ժողովուրդին վճռականութիւնը՝ դիմադրելու շարունակուող սպառնալիքներուն”,– նշած է Արևմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Նորա Յովսէփեան։

Գալիֆորնիոյ ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ ալ ըսած է․– “Նկատի ունենալով սահմանին վրայ Թուրքերու և Ազէրպայճանցիներու յարձակումը, կարևոր է արձանագրել, թէ Գալիֆորնիա դէմ կ՚արտայայտուի խաղաղ ժողովուրդին դէմ սանձազերծուած այս սարսափելի բռնութիւններուն և ցոյց կու տայ,  որ մենք զօրակից ենք և կը սիրենք Սիւնիքի ժողովուրդը, հայ ժողովուրդը՝ թէ՛ այս նահանգին, թէ՛ ալ Հայաստանի ու Արցախի մէջ”: