Գանատա կը միանայ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դիտորդական առաքելութեան

Եւրոպական խորհուրդի Քաղաքական և ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աջակցելու Գանատայի առաջարկին։ 

Այս մասին նշուած է Յանձնաժողովի Յուլիս 18-ին կայացուցած որոշումին մէջ։