Գիւմրիի մէջ սկսած են Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները

Համաժողովներ, համերգներ եւ նորարարական ցուցադրութիւններ՝ ի պատիւ մեծանուն գրողին

Գիւմրիի մէջ սկիզբ առած է մեծանուն հայ գրող, հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը։ Ծրագիրը կ՚իրագործուի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութեան աջակցութեամբ։ Ձեռնարկները տեղի կ՚ունենան թէ՛ Վարպետի տունթանգարանին մէջ, թէ՛ ալ քաղաքի տարբեր մշակութային կեդրոններու յարկին տակ։

Ձեռնարկներու շրջանակին մէջ, Գիւմրիի Աւ. Իսահակեանի տունթանգարանին մէջ արդէն իսկ կայացած է միջազգային գիտաժողով մը՝ զեկոյցներով, գրական քննարկումներով եւ թատերական ընթերցումներով։ Այս ձեռնարկներուն լայն մասնակցութիւն կը բերեն հանրակրթական դպրոցները, միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւնները, արուեստի եւ մշակութային կազմակերպութիւնները, թանգարաններն ու գրադարանները։

Թանգարանի ձեռնարկներու գլխաւոր կէտը Աւետիք Իսահակեանի հոլոկրաֆիք կերպարի ներկայացումն է՝ պատմական Անի քաղաք զօրութենական (virtuel) այցելութեամբ։ Համադրելով պատմութիւնն ու նորագոյն արհեստագիտութիւնները՝ այցելուն այդպէսով կարելիութիւնը կ՚ունենայ զօրութենական իրականութեան (réalité virtuelle) եւ հոլոկրաֆիք ցուցադրութիւններու շնորհիւ Աւետիք Իսահակեանի հետ տեղափոխուիլ պատմական Անի քաղաք, շրջիլ անոր փողոցներուն մէջ, տեսնել հնագոյն տաճարները եւ զգալ միջնադարեան Հայաստանի շունչը։

ԿԳՄՄ նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան այցելած են թանգարան եւ հետեւած գիտաժողովի ընթացքին։ «Խօսելով մեր մեծերու կարեւոր գաղափարներուն եւ ուղերձներուն մասին՝ գիտաժողովը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ վերլուծելու, քննարկելու, համադրելու եւ տեսնելու նաեւ առնչութիւններ մեր օրերուն հետ։ Ուրախ եմ, որ թանգարանները նաեւ կը դառնան կենդանի խօսքի, շփման եւ երկխօսութեան միջավայրեր»,– նշած է նախարարը։

Գիւմրիի Ժողովրդական գործիքներու պետական նուագախումբը եւս իր մասնակցութիւնը բերած է՝ ներկայացնելով «Իսահակեանը՝ երգերու մէջ» համերգայը՝ Վարպետի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ յօրինուած երգերով։

Հոկտեմբեր 30-ին՝ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան օրը, Թատերական հրապարակին վրայ Վարպետի արձանին առջեւ պիտի զետեղուին ծաղիկներ, ապա օրուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան տարբեր տօնական միջոցառումներ. «Կումայրի» արգելոցթանգարանի ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի յատուկ ցուցահանդէս՝ «Իսահակեանը արուեստի մէջ» խորագրով, իսկ Տիկնիկային թատրոնին մէջ պիտի ներկայացուի «Քաղաքի խելօքները» թատերգութիւնը, Աւետիքեանի «Նուկիմ քաղաքի խելօքները» գործին հիման վրայ։