Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը Սեպտեմբեր 24-ի նիստին մեղաւոր ճանչցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը։
“Դատաւորի հետեւութիւնն այն է, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին պէտք է մեղաւոր ճանաչել ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով առաջադրուած մեղադրանքում”,– յայտարարած է դատաւոր Արմինէ Մելիքսեթեան։
Վճիռը կը նախատեսէ շարունակել բանտարկութիւնը՝ խիստ սահմանափակումներով։ Լրացուցիչ դատական ունկնդրութիւններ սահմանուած են Սեպտեմբեր 29-ին։
Ինչ կը վերաբերի վերեւ նշուած՝ ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասին՝ ան կը վերաբերի իշխանութեան գրաւման, հողային ամբողջականութեան խախտումի, ինքնիշխանութենէ հրաժարման կամ սահմանադրական կարգի բռնի տապալման փորձերու վերաբերող յանցանքներու, իսկ Միքայէլ արք.ի պարագային՝ այդ ուղղութեամբ հրապարակաւ կատարուած կոչերու։ Ան ձերբակալուած էր Յունիս 28-ին։
Միքայէլ արքեպիսկոպոս կտրուկ կը մերժէ իր դէմ յարուցուած մեղադրանքը։