Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եկէք երգենք

Չորեքշաբթի, Մայիս 14-ին, Երեւանի AHA կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հերման Վահրամեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն հետեւեցաւ նաեւ երաժշտական երեկոյթ մը: Ցուցահանդէսը նուիրուած է AHA-ի ցուցասրահի բացման առաջին տարեդարձին:

Ըլլալով ճարտարապետ՝ Հերման Վահրամեան մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է երաժշտութեան նկատմամբ եւ այս երեկոյթը առիթ էր ոգեկոչելու արուեստագէտ Վահրամեանի յիշատակը, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու ժամանակակից հայ երաժիշտներու գործերուն:

Երեկոյթը ամբողջապէս կեդրոնացած էր ժամանակակից հայ կին երաժիշտներու ստեղծագործութիւններուն վրայ, որ նաեւ առիթ հանդիսացաւ այդ ստեղծագործութիւններու հանրայնացման:  Ներկայացուեցան երաժիշտներ Շուշան Արեւշատեանի (Երեւան), Եւա Էկոյեանի (Թորոնթօ), Մանէ Գրիմսոն Յովհաննիսեանի (Երեւան), Շուշան Հիւսնունցի (Միլանօ), Նարինէ Մխիթարեանի (Երեւան), Կասիա Ուզունեանի (Օքսֆորտ), Մարի Եւգինէ Թիրարի (Փարիզ) եւ Կարինէ Թորոսեանի (Երեւան) ստեղծագործութիւնները:

Ներ­կա­յացու­մը կը վա­րէր Շու­շան Հիւսնունցի։ Ան սկիզ­բի խօս­քին մէջ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց AHA-ի տնօ­րէնու­հի՝ Նա­յիրի Խա­չա­տու­րեանին, որ պատ­րաս­տա­կամու­թիւն յայտնած էր ու սիրայօ­ժար ըն­դունած ձեռնարկը, հա­կառակ  շատ մօտալուտ թուակա­նին, քանի որ 15 օր մնա­ցած էր, որ­մէ ետք միայն սկիզբ առաւ կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տան­քը: Շուշան եւ Նայիրի մէջընդմէջ կը ներկայացնէին արուեստագէտները, որոնց կարճ խօսքէն ետք կը լսուէր ստեղծագործութիւն մը: Բացառիկ կտորներ էին բոլորը, իւրաքանչիւրի հնչեղութեամբ ներկաները կը փոխադրուէին ուրիշ աշխարհներ, խոկման ընթացքի մը կը յանձնուէին Վահրամեանի նկարներով զարդարուած գողտրիկ սրահին մէջ:

Երեկոյթին ներկայ էին սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ:

Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Յուլիս 19։ Կարելի է այցելել Երկուշաբթիէն Շաբաթ, ժամը 16-19: Մանրամասնութեանց համար դիմել AHA collective-ին (Մոսկովեան 31, Երեւան):

https://www.aha.am

Ա.Բ.Ղ.