Երեւանի մէջ, մամլոյ ըրած յայտարարութեան ընթացքին՝ ԵՄ—ի ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս ըսած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին կը յատկացնէ աւելի քան 200 միլիոն եւրօ՝ «Դիմադրականութեան եւ աճի ծրագրի» երկրորդ փուլի շրջանակին մէջ։
“Ինծի համար շատ մեծ պատիւ է յայտարարել, որ մենք Հայաստանի դիմադրականութեան եւ աճի ծրագրի երկրորդ փուլի գանձատրումը կը յատկացնենք. խօսքը աւելի քան 200 միլիոն եւրոյի մասին է, որ պիտի խթանէ միջտարածաշրջանային կապը, դիմադրականութեան եւ գործարարութեան զարգացման միտող ներդրումները։ Սա կը վկայէ Հայաստանի յստակ բարեփոխումներու օրակարգին հաւատարիմ մնալու մասին։ Սա նաեւ կը վկայէ կարեւոր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներ կատարելու ձեր յստակ յանձնառութեան մասին”,– նշած է Քոս։
Ան աւելցուցած է, որ ԵՄ—ը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին փոխադրամիջոցներու, թուայնացման, առեւտուրի, ուժանիւթի եւ ենթակառուցային ծրագրերու մէջ՝ համահունչ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին։
Քոս ընդգծած է նաեւ, որ խաղաղութեան գործընթացին մէջ ներդրումներ կատարելը ԵՄ—ի առաջնահերթութիւններէն է։
Յանձնակատարը նշած է, որ 2021-էն ի վեր ԵՄ—ը արդէն աւելի քան 2,5 միլիառ եւրօ յատկացուցած է Հայաստանին։