Նոյեմբեր 29-ին, խումբ մը եպիսկոպոսներ թելադրած են Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին կամովին հանգստեան կոչուիլ, շատ խիստ բովանդակութեամբ նոր կոչով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Սիրելի եղբայրներ ի Քրիստոս, սիրելի հայորդիներ.
Շատ կը ցաւինք վերջին ամիսներուն մեր Եկեղեցւոյ ներսը եւ մեր Եկեղեցւոյ շուրջ առկայ ապառողջ մթնոլորտին համար, որ կը փոթորկէ մեր բոլորին հոգիները։ Այս ամէնը գուցէ չըլլար, եթէ արդար, առանց ահաբեկումներու ըլլար 1999 թուականի Կաթողիկոսական ընտրութիւնը։
Հայ Եկեղեցւոյ սխալ կառավարման հետեւանքով ե՛ւ եկեղեցւոյ ներսը, ե՛ւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ յատկապէս վերջին ամիսներուն աւելի ահագնացած ճգնաժամը յոյժ վտանգաւոր վիճակ մը ստեղծած է Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ՝ խաթարելով մեր ժողովուրդի անդորրը, հաւատքն ու միասնութիւնը։
Բազմաթիւ նուիրեալ հոգեւորականներու չարդարացուած, հակականոնական կարգալուծութիւնները յաճախ տեղի ունեցած են անարդար կերպով, բացարձակապէս Կաթողիկոսի միահեծան որոշումներով կամ պարտադրանքով։
Յաճախ նախընտրաբար հոգեւոր աստիճան ստացած են եւ պաշտօնի կոչուած միջակութիւններ, բարոյական կասկածելի վարքագիծ ունեցողներ, անարժաններ, կամակատարներ։
Կաթողիկոսի սխալ, կամայական կառավարման, հրամաններու, նշանակումներու, անարդար պատիժներու, անհարկի միջամտութիւններու, կարգալուծութիւններու հետեւանքով յաճախ կը փոթորկին Սփիւռքի մեր թեմերը եւ առանձին հովւութիւններ ու վիճակներ, երբեմն ստիպուած կ’ըլլան խզել կապերը Մայր Աթոռին հետ։
Կաթողիկոսի հասցէին տարատեսակ լրասփիւռներով եւ տարբեր հարթակներէ ու ամպիոններէ պարբերաբար հնչող երբեմն ծանր մեղադրանքները Կաթողիկոսի կամ Մայր Աթոռի համապատասխան կառոյցներուն կողմէ անուշադրութեան կը մատնուին, չեն մեկնաբանուիր, չեն հերքուիր, այդպէսով ինքնին կասկածի տեղիք տալով անոնց իսկութեան վերաբերեալ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու թողտւութեամբ եկեղեցականներու ներգրաւումը ներքաղաքական գործընթացներուն մէջ, հոգեւորականներու կողմէ հնչեցուած քաղաքական կոչերն ու յայտարարութիւնները, քաղաքական հանրահաւաքներուն մասնակցութիւնն ու կազմակերպումը անընդունելի է, դատապարտելի է եւ յարիր չէ մեր Եկեղեցւոյ ոգիին ու կանոններուն, կը հակասէ ժողովուրդին միասնութիւնը պահելու մեր Եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Եկեղեցւոյ Կանոնադրութեան ստեղծման տեւական, դիտաւորեալ ձախողումները եւ ի վերջոյ այդ աշխատանքներուն վերջնական դադրեցումը հնարաւորութիւն տուած են Կաթողիկոսին անցնող քսանվեց տարիներու ընթացքին երբեմն Եկեղեցին կառավարելու սեփական պատկերացումներով, կամայականօրէն։
Հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողով, Ազգային եկեղեցական ժողով կամ Ներկայացուցչական ժողով, որ պիտի գումարուէր իւրաքանչիւր տարի կամ երկու տարին մէկ՝ քննելու եւ լուծումներ գտնելու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաքելութեան, կառավարման, ֆինանսական, տնտեսական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ համազգային նշանակութեան հարցերու վերաբերեալ, միտումնաւոր կերպով նախատեսուած պարբերականութեամբ չէ իրականացուած։
Հայաստանի պետական մարմիններու, պետական գործիչներու կողմէ Կաթողիկոսի ընթացքին ու գործունէութեան վերաբերեալ բազմիցս կը հնչեն մտահոգութիւններ, քննադատութիւններ, մեղադրանքներ, որոնք կը մնան անպատասխան։ Ի դէմս Կաթողիկոսին եւ իր հետ համագործակից որոշ հոգեւորականներուն՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ հայրենիքին ու հայրենի պետութեան պէտք չէ եւ չի կրնար որեւէ վնաս, վտանգ սպառնալ։
Այս խախտումներուն, սխալներուն, բացթողումներուն, թերացումներուն շարքը կարելի է երկար շարունակել։
Մայր Աթոռի եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայիս ընթացքը հակականոնական, վտանգաւոր, վնասակար եւ կորստաբեր է եւ չի կրնար այլեւս շարունակուիլ։ Կը դիմենք Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Սրբազան պատրիարքներուն, Հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասին, հոգեւորականութեան, Հայրենի պետական մարմիններուն եւ պետական գործիչներուն, մեր հաւատաւոր ժողովուրդին.
Սրբազան պատրիարքներ, որպէս մեր Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան գահակալներ եւ ժողովներու ատենապետեր, գլխաւորեցէ՛ք կամ առնուազն կոչ ուղղեցէ՛ք, միացէ՛ք ու նպաստեցէ՛ք՝ ստեղծուած իրավիճակէն շուտափոյթ ելք գտնելու համար։
Սիրելի սրբազաններ, հոգեւոր եղբայրներ, վստահ ենք, որ այս մտահոգութիւնը կը կիսէք շատերդ։ Եթէ կը ցանկաք օր առաջ տեսնել Հայ առաքելական մեր Սուրբ եկեղեցին կրկին իր Աստուածահաճոյ ու ժողովրդանուէր առաքելութեան մէջ, առանց յապաղելու կապ պահեցէք Յանձնախումբի անդամներուն հետ, Ձեր դիրքորոշումն ու վերաբերումը արտայայտեցէք։
Մենք՝ խումբ մը եպիսկոպոսներս, գիտակցելով հանդերձ ստեղծուած իրավիճակին մէջ մեղաւորութեան մեր բաժինը, այս նախաձեռնութեամբ նպատակ ունինք սկիզբ դնելու Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգման, որպէսզի մեր Սուրբ եկեղեցին կարենայ ասկէ ետք կատարել մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ նախանշուած իր անփոխարինելի առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, այս վտանգաւոր ժամանակաշրջանին նպաստէ հայրենի պետութեան ամրապնդման, որպէսզի Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ըլլայ բոլո՛ր հայերու Կաթողիկոսը՝ անոնց քաղաքական ու կրօնական հայեացքներէն անկախ, որպէսզի մեր Մայր եկեղեցին իրապէս Մայրութիւն ընէ եւ համախմբէ տարբեր կրօնական կառոյցներու մէջ հաւատք որոնող, խարխափող մեր ազգի զաւակները։ Անհրաժեշտ է մշակել եւ առաջին իսկ Ազգային եկեղեցական ժողովին կողմէ ընդունիլ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կանոնադրութիւն մը, որ այսուհետեւ կաթողիկոսներու ու առաջնորդներու հոգեւոր ու իմացական կարողութիւններով, որակական յատկանիշերով միայն չպայմանաւորուի մեր Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը, ընթացքը, կանոնականութիւնը, իր Սուրբ առաքելութեան իրականացումը։
Հարազատ մեր ժողովուրդի միասնութեան ու բարգաւաճման, մեր հայրենիքի ու մեր պետութեան հզօրացման, անվտանգութեան ու յարատեւութեան, մեր Մայր եկեղեցւոյ Աստուածահաճոյ առաքելութեան իրականացման համար մեր այս անձնուրաց քայլը յանիրաւի կը քննադատուի որոշ մեր հոգեւոր եղբայրներու, իրավիճակէն անտեղեակ որոշ լրագրողներու, քաղաքական ու հասարակական գործիչներու կողմէ։ Կոչ կ՚ընենք սթափ դատել եւ իրատես ըլլալ, որովհետեւ մենք կանգնած ենք Եկեղեցւոյ ամբողջական հեղինակազրկման, պառակտման, մեր ժողովուրդի կրօնական մասնատման վտանգին առջեւ։
Մենք կ՚ակնկալենք, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, ի սէր մեր Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին, սթափ կը գնահատէ ստեղծուած իրավիճակը, չի տանիր մեր ազգն ու մեր Եկեղեցին աւելորդ ցնցումներու, կամովին հանգստեան կը կոչուի եւ այդպէսով կարելի կ՚ըլլայ նոր ընտրութիւններ կազմակերպել։
Եւ թող ամենատես ու ամենակալ Աստուած առաջնորդէ մեզ։ Ամէ՛ն։
1. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան
2. Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեան
3. Տ. Աբրահամ արքեպիսկոպոս Մկրտչեան
4. Տ. Առաքել արքեպիսկոպոս Քարամեան
5. Տ. Սիոն արքեպիսկոպոս Ադամեան
6. Տ. Վազգէն արքեպիսկոպոս Միրզախանեան
7. Տ. Անուշաւան եպիսկոպոս Ժամկոչեան
8. Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան
9. Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան
10. Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան։
2025 Նոյեմբեր 29»