Կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Երեւանի Ճարտարագիտական քաղաքի տարածքին երեք միջազգային ընկերութիւններ՝ Synopsys, Emerson (National Instruments), եւ Philip Morris արդէն իսկ բացած են հետազօտական բաժանմունքներ։
Այսօր կը գործէ Ճարտարագիտական քաղաքի առաջին բաժինը, որ կը պարունակէ սկսնակ ձեռնարկութիւններու արագացուցիչ եւ հետազօտական աշխատանոցներ,– որոնք կ‘օգտագործուին նաեւ գիտական հաստատութիւններու կողմէ,– ինչպէս նաեւ Emerson-ի զարգացման կեդրոնը։
Երկրորդ արագացուցիչի շէնքը արդէն աւարտած է եւ անոր մօտակայքը կը կառուցուին շինութիւններ քանի մը մեծ ընկերութիւններու համար։
“Երկու բաժիններուն ամբողջական աւարտը նախատեսուած է մինչեւ 2026-ի վերջը”,– ըսած է Բագրատ Ենգիբարեան՝ «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր» հիմնադրամի (ՁԻՀ) տնօրէնը։