Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԵՐԵՒԱՆ – Հազարաւոր երիտասարդներու ջահերով երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ

Ապրիլ 23-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի «Հանրապետութիւն» հրապարակէն ծայր առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, հազարաւոր երիտասարդներու մասնակցութեամբ:

Երթը այս տարի կը կրէր «Մի՛ ուրանար. զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ» կարգախօսը։

Երթէն առաջ ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան յայտարարեց. “110 տարի է աշխարհին կ՚ըսենք ճշմարտութիւնը, որ ոճիրը գործուած է ու երբեք պիտի չմոռցուի։ Մենք կանգնած ենք այս հրապարակին վրայ ոչ թէ որպէս զոհ, այլ՝ ապացոյց, որ Թուրքիա ձախողած է։ 110 տարի առաջ անոնք կը մտածէին, թէ պիտի վերացնեն մեզ, պիտի ջնջեն մեր հետքը պատմութենէն, բայց հիմա այս հրապարակին վրայ կանգնած հայ երիտասարդը հզօր վկայութիւնն է այդ ձախողութեան: Ջահերով այս երթը արդարութեան համար շարունակուող պայքարի խորհրդանիշն է”։

Այսօր մենք կանգնած ենք այս հրապարակին վրայ որպէս մէ՛կ ազգ, մէ՛կ ձայն, մէ՛կ անկոտրում կամք. մեր ջահերու վառ կրակներով։ Սա յիշողութեան մոմավառութեան վայր չէ միայն, այլեւ պահանջի կրակահերթ: Այս ջահերը, որ մեր ձեռքերուն մէջ են, լոյս չեն միայն։ Անոնք կրակներ են՝ մեր նախնիներու յիշողութիւնը յաւերժացնող։ Անոնք 1,5 միլիոն նահատակուած հայերու ոգիի կրակն են՝ Մեծ Եղեռնի դժոխքէն։ Մենք հոս ենք՝ որպէս անոնց ժառանգորդ, որ չի մոռնար, չի լռեր”,– իր խօսքին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեան։

Մենք յստակ ուղերձ կ՚ուղղենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, մեր պայքարը պիտի չմարի, մենք պիտի հասնինք մեր նպատակի վերջնակէտին, որովհետեւ այդ է մեր կեանքի իմաստը։ Մենք կոչ կ՚ընենք Թուրքիոյ երիտասարդութեան, եթէ դուք չստիպէք ձեր իշխանութիւնները ընդունելու ցեղասպանութիւնը, անոր պատասխանատւութիւնը պիտի կրէք նաեւ դուք։ Համոզուած եղէք, հայ երիտասարդութեան մէջ կրկին պիտի ըլլան Սողոմոն Թեհլիրեաններ եւ Արշաւիր Շիրակեաններ”,– յայտնեց Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւդալեան:

Screenshot

Երթի մասնակիցները «Հանրապետութիւն» հրապարակին վրայ հրկիզեցին Թուրքիոյ ու Ազերպայճանի դրօշները, ապա «Պայքար, պայքար» վանկարկելով ու պահանջատիրական կոչերով ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։ Անոնք իրենց հետ կը տանէին Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները։ Անոնց ձեռքին կային նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի բնակավայրերու անուանումներով ցուցանակներ:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ երթի մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ցեղասպանութեան աւելի քան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակը եւ ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ: