Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոերեսփոխան Փօլ Կեւըն. «Պէտք է փաստահաւաք խումբ ուղարկել Արցախ»

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վերաժողովի (ԵԽԽՎ) Յունիս 22-ի նիստին «Բերձորի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի ապահովման» նիւթին շուրջ զեկուցող եւրոերեսփոխան Փօլ Կեւըն Mediabox-ի հետ հարցազրոյցին յայտարարած է, որ Բերձորի միջանցքը Արցախի հայ բնակչութիւնը Հայաստանի հետ կապող միակ ճամբան է եւ իրավիճակը այնտեղ լուրջ է: 

Խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն այդ հատուածի շրջափակման, դադրեցուած են կազի, ելեկտրականութեան մատակարարումները՝ տարածաշրջանի բնակչութեան: Շատ լուրջ է կացութիւնը մարդկային իրաւանց տեսանկիւնէն: Ես յստակ կոչ ըրի վերջ տալու շրջափակումին, վերականգնելու կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումները: Առաջարկեցի Արցախի հարցով փաստահաւաք խումբ ուղարկել տարածաշրջան: Ազերպայճան ո՛չ զիս, ո՛չ մարդկային իրաւանց յանձնակատարին, ո՛չ ՄԱԿի փախստականներու հարցով հիւպատոսին, ո՛չ մէկուն թոյլ կու տայ մտնել այդ տարածք, յայտարարելով, որ ամէն ինչ լաւ է եւ կ՚արգիլէ ստուգումներ կատարել՝ իր ըսածը հաստատելու համար”,յայտարարած է իռլանտացի երեսփոխանը: