Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Եւրոպական խորհրդարանի մնայուն զեկուցողը Բերձորի միջանցքը բանալու կոչ ըրած է Ազերպայճանին

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Ազերպայճանի հարցով մնայուն զեկուցող Ժելիանա Զովքօ, յայտարարութեամբ մը կոչ ըրած է Ազերպայճանի կառավարութեան գործադրելու անհրաժեշտ բոլոր միջոցները Բերձորի միջանցքի արգելքը անյապաղ վերցնելու համար։

“Ես լրջօրէն մտահոգ եմ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Բերձորի միջանցքի՝ ամիսէ մը աւելի փակումով, որ խոչընդոտ կը հանդիսանայ շրջանին՝ սնունդ եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ ու ծառայութիւններ հասցնելու համար: Արգելքը պէտք է վերցուի առանց յապաղումի` խուսափելու համար մարդասիրական որեւէ հետեւանքէ եւ այլ անդառնալի բացասական ազդեցութենէ:

Հետեւաբար, կը դիմեմ Ազերպայճանի կառավարութեան, որպէսզի հետեւելով 2020 Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն, իր լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ գործադրէ բոլոր այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ են միջանցքով ազատ տեղաշարժը վերականգնելու եւ տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը երաշխաւորելու համար։

Ի վերջոյ կը դիմեմ Հայաստանին եւ Ազերպայճանին, որ Բերձորի միջանցքի գործարկման առնչութեամբ առկայ մտահոգութիւնները լուծեն երկխօսութեան եւ խորհրդակցութիւններու միջոցով` բոլոր ներգրաւուած կողմերու մասնակցութեամբ:

Խօսքս կ՚ուղղեմ նաեւ Եւրոպական Միութեան բոլոր կառոյցներուն` անմիջապէս աշխուժացնելու միջնորդական ներգրաւումը եւ կանխարգելիչ դիւանագիտութիւնը` նպաստելու համար շարունակուող ճգնաժամի լուծման, եւ կանխելու հետագայ լարումը”: