Եւրոպական Միութիւնը 5,5 միլիոն եւրօ կը յատկացնէ Հայաստանի պետական ամավարկին՝ յանուն արդարադատութեան բարեփոխումներու

Գումարը կը տրամադրուի «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներուն. Բ. փուլ» ծրագրի շրջանակին մէջ

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են երկու կողմերու գործակցութեան շարք մը ոլորտներուն։

Արդարադատութեան նախարարութենէն այս առիթով կը յայտնեն, որ յաջողութեամբ իրագործուած են «Աջակցութիւն Հայաստանի մէջ արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներուն. Բ. փուլ» ամավարկային աջակցութեան ծրագրի նախատեսած պայմանները, ինչ որ կը յանգեցնէ Եւրոպական Միութեան կողմէ 5,5 միլիոն եւրօ նպաստի տրամադրման Հայաստանի պետական ամավարկին։

Գանձատրման համաձայնագրով նախատեսուած հիմնական նպատակակէտերը կը վերաբերէին.

  • Դատաիրաւական եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ռազմավարութիւններու եւ անոնց շրջանակին մէջ հաղորդակցութեան ծրագրերու իրականացման առումով էական յառաջընթացի ապահովման,
  • Վէճերու լուծման այլընտրանքային եղանակներու զարգացման՝ ներառեալ Իրաւարարական եւ հաշտարար կեդրոնի արդիւնաւէտ գործունէութեան ապահովման,
  • Դատախազներու եւ քննիչներու բարեվարքութեան ստուգումներու իրականացման,
  • Պատիժը պայմանականօրէն չկիրարկելու գործիքակազմի ընդլայնման։

Կը հաղորդուի, որ նշուած բոլոր նպատակակէտերը ամբողջութեամբ իրականացուած են։