Եւրոպայի խորհուրդին համաձայն՝ Հայաստան տակաւին չէ կատարած Արցախէն բռնագաղթածներու համարկման յանձնարարականը

Եւրոպայի Խորհուրդի անկախ փորձագիտական մարմինը՝ Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարի եւրոպական յանձնաժողովը (ECRI), հրապարակած է 2023-ին Հայաստանին ներկայացուած յանձնարարականներու կատարման վերաբերեալ իր եզրակացութիւնները։

Զեկոյցը քննարկման կ՚ենթարկէ գլխաւոր երկու յանձնարարական.

1. Բռնագաղթածներու համարկման հարցը

Յանձնաժողովը նախապէս պահանջած էր, որ Հայաստան որդեգրէ «համարկման ռազմավարութիւն մը»՝ բաւարար ֆինանսական միջոցներով, բռնագաղթածներու, ապաստան հայցողներու եւ ներգաղթողներու համար։

ECRI-ն կը նշէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները տեղեկացուցած են 2023-ի Սեպտեմբերին Ազերպայճանի ռազմական գործողութենէն ետք 100.000-է աւելի արցախցի հայերու տեղահանման հետեւանքով ստեղծուած «աննախադէպ մարդասիրական մարտահրաւէրին» դէմ առնուած միջոցներուն մասին։

Յանձնաժողովը կը գնահատէ Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ դրական կը նկատէ մարդասիրական արագ արձագանգը (դրամական օգնութիւն, առողջապահութեան եւ կրթութեան ապահովում)։

Սակայն, ECRI-ն կ՚եզրակացնէ, որ բուն յանձնարարականը՝ այսինքն համարկման յստակ ռազմավարութեան մշակումը, տակաւին չէ կատարուած։

2. Հանդուրժողականութեան հարցը

Միւս գլխաւոր յանձնարարականը կը վերաբերէր հասարակութեան մէջ բազմազանութեան եւ հանդուրժողականութեան կարեւորութեան մասին տեղեկացման քայլերու։ Նպատակն էր պայքարիլ ցեղապաշտական եւ LGBT-ատեաց խօսքի, բռնութեան ու խտրականութեան դէմ։

ECRI-ն կը գտնէ, որ թէեւ կարգ մը նախնական քայլեր առնուած են (օրինակ՝ Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան շրջանակին մէջ), այս յանձնարարականը միայն մասամբ իրականացուած է։