Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17-ին Փարիզի հանրայայտ Տրուօ կեդրոնին մէջ աճուրդի պիտի հանուին Զարեհ Մութաֆեանի (1907-1980) նկարչական ստեղծագործութիւնները։ Նախքան աճուրդը՝ պաստառներուն կարելի է ծանօթանալ Դեկտեմբեր 16-ի օրուան ընթացքին։ Միաժամանակ խումբ մը հայ այլ նկարիչներու կտաւները աճուրդի պիտի դրուին հայ արուեստագէտներու «Մենք» ծրագրով։ Հայ արուեստագէտներու գործերը շրջանառութեան մէջ դնելը, հանրային ուշադրութեան առարկայ դարձնելը կարեւոր նախաձեռնութիւն է, զիրենք ծանօթացնելու եւ անոնց ստեղծագործական աշխարհը գնահատելու համար։ Թէեւ առաջին անգամ չէ որ Զարեհ Մութաֆեանի գործերը պիտի ներկայացուին հանրութեան, սակայն յարմար առիթ էր Արմէն Մութաֆեանի հետ վերստին անդրադառնալու իր հօր գեղարուեստական աշխարհին, մասնաւորապէս, ինչպէս յայտարարութիւնը կը յուշէ, այս անգամ հօր աշխատանոցի կտաւներն են, որ աճուրդի կը հանուին։
«Նոր Յառաջ» – Ինչո՞ւ 2025-ին որոշեցիք աճուրդի հանել ձեր հօր աշխատանոցի կտաւները։
Արմէն Մութաֆեան – Հայրս 1980-ին մահացաւ եւ ահագին նկարներ թողեց: Իր մահէն ետք քանի մը աշխատանքներ հրատարակեցի իր մասին, ներառեալ իր նկարչութեան վերաբերեալ ձեռագրերէն մէկը՝ «Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ արդի ձգտումները» խորագրով: Պէյրութի Համազգայինին շնորհիւ տպել տուի եւ իր մասին բաւական ցուցահանդէսներ կազմակերպեցի: Նկարները քրոջս նկուղին մէջ կը գտնուէին, յաճախ կը մտածէի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան անոնք: Հետեւողականօրէն ցուցահանդէսներ կազմակերպեցի, վերջինը՝ Փարիզի 5-րդ թաղամասին մէջ,
2015-ին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, եւ ապա Լիոնի մէջ: Որոշեցի շատ ազդու միջոցներու դիմել, մաս մը Հայաստան նուիրել եւ շնորհիւ յարգարժան դեսպան Տիկ. Յասմիկ Տոլմաջեանի օգնութեան, 50-է աւելի նկար փոխադրեցի Հայաստան: կ՚ուզեմ որ Հայաստանի տարբեր թանգարաններուն մէջ տարածուին նկարները, մինչ ներկայիս անոնք կուտակուած են Պետական պատկերասրահին մէջ: Որոշեցի մնացեալը աճուրդով վաճառել. երիտասարդի մը Կիյոմ Արալին հանդիպած էի Օթէլ Տրուոյի մէջ մի քանի ամիս առաջ, ուր հայկական իրերու աճուրդ մը կազմակերպած էր. առաջարկեցի հօրս նկարները նոյնպէս վաճառել, համաձայնեցաւ: Տարբեր ժամանակաշրջաններէ 45 նկար ընտրեցի, որպէսզի Դեկտեմբերի աճուրդին վաճառուին: «Նուվել տ՚Արմենի»-ի, «Ֆրանս Արմենի»-ի եւ «Նոր Յառաջ»-ի մէջ յայտարարութիւններ տեղադրուեցան, որպէսզի հանրութիւնը տեղեակ ըլլայ եւ այցելէ, քանի որ միայն մէկ օր է աճուրդը. Դեկտեբեր 16-ին կը ցուցադրուի, 17-ի առաւօտուն կը շարունակուի ցուցադրութիւնը, ժամը 14-ին կը սկսի աճուրդով վաճառքը:

«ՆՅ» – Բազմաթիւ արուեստի քննադատներ կ’ընդգծեն ձեր հօր նկարչութեան վառ գոյները, ծովը, միշտ առկայ իգական կերպարը, կարօտը, մելամաղձութիւնը…, դուք ինչպէ՞ս ճանչցած էք ձեր հայրը։
Ա. Մ. – Հօրս ամբողջ կեանքին ընթացքին ծովը մեծ դեր ունէր, ծնած է Սեւ ծովի ափին՝ Իւնիէ քաղաքը, 1907-ին: Ցեղասպանութեան շրջանին ամբողջ ընտանիքը կոտորուեցաւ, ինք 8 տարեկան էր, իբր մեռեալ ձեւացաւ: Ամերիկեան որբանոց մը ապաստանեցաւ: Մի քանի տարի ետք, որբանոցի որբերէն մաս մը Յունաստան տեղափոխեցին, վայր մը, ուր ժամանակին զօրանոց էր: Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին, Մուսոլինին յարձակում գործեց Յունաստանի վրայ: Օդաչուները ռմբակոծեցին այդ որբանոցը, կարծելով որ տակաւին կը գործէ որպէս զօրանոց ու մեծ թիւով որբեր այդպէս մեռան: Քանի որ ամերիկեան որբանոց էր, Մուսոլինին չէր ուզեր Միացեալ Նահանգներու հետ խնդիր ունենալ, ներողութիւն խնդրեց ԱՄՆ-ու իշխանութիւններէն եւ փոխարէնը առաջարկեց որբերէն վերապրածները՝ մօտ 100 որբ, Իտալիա փոխադրել եւ հոն հոգալ անոնց կրթութիւնը, Իտալիոյ կառավարութեան ծախսով: Հայրս անոնց մէջ էր: Իտալիոյ մէջ նկարչութիւն սորվեցաւ միշտ այցելելով Ս. Ղազար, աշխատելով Միլանօ: Միշտ ծովափ կը նկարէր: Սկսաւ նաեւ դիմանկարներ նկարել եւ այդպէս ապրուստը ճարել. մանաւանդ Միլանոյի հայութիւնը իրեն կը դիմէր դիմանկարներ գծելու համար: Միլանոյէն ետք, անյայտ պատճառներով, Ժընեւ անցաւ եւ հոն շարունակեց նկարել: Յաճախ կը վերադառնար Իտալիա: Երբ օր մը Ս. Ղազար կը գտնուէր, այցելութեան եկած էր ֆրանսահայ խումբ մը, որուն մաս կը կազմէր մայրս: Մայրս Սամսոն ծնած էր եւ ցեղասպանութեան տարիներուն որբերու խումբով տեսնուած էին անգամ մը, այս հանդիպումը եղաւ երկրորդը: Որոշեցին ամուսնանալ: Հայրս Իտալիայէն Ֆրանսա եկաւ, ճիշդ այդ ժամանակ Բ. համաշխարհային պատերազմը սկսաւ, Ֆրանսան եւ Իտալիան թշնամացան եւ սահմանը փակուեցաւ: Ուրեմն հայրս փոխանակ մայրս Իտալիա տանելու, ինք մնաց Ֆրանսա: Մայրս շատ փայլուն ատամնաբոյժ էր եւ բարեբախտաբար ապահովուած կեանք ունէր: Երեք երեխայ ունեցան՝ ես եւ երկու քոյրերս. մօրս աշխատանքով ամբողջ ընտանիքը կ’ապրէր բարեկեցիկ կեանք մը: Ըսեմ որ, շատ ներդաշնակ զոյգ մը չէր: Իբր երեխայ կը զգայի այդ: 1962-ին մայրս որոշեց բաժնուիլ հօրմէս. սա հօրս համար մեծ հարուած մըն էր, բայց բարեբախտաբար կը նկարէր եւ ցուցահանդէսներ կը սարքէր ապրուստը հոգալու համար: 1967-ին հայրս Հայաստան հրաւիրուեցաւ, առաջին անգամ ըլլալով այսպէսով այցելեց իր երազած Հայրենիքը, ծանօթացաւ այն ժամանակուան մեծերուն, սիրահարեցաւ Սեւանին, ուր գտաւ իրեն շատ սիրելի «ծով»-ը, ջուրը, աշխատեցաւ երկար ատեն, ցուցահանդէսներ կազմակերպեց Հայաստանի մէջ: Մի քանի տարի ետք անգամ մը եւս Հայաստան հրաւիրուեցաւ: Ես ալ Հայաստանին ծանօթացայ 1980-ին, երբ որպէս մաթեմաթիկի դասախօս հրաւիրուած էի, եւ հոն իմացայ հօրս մահուան գոյժը: Անմիջապէս վերադարձայ եւ իր ամբողջ ժառանգութիւնը՝ ոչ միայն նկարները, այլեւ գրութիւնները եւ նամակները հաւաքելու աշխատանքին լծուեցայ:
2015-ին Արթօ Փեհլիվանեանի հեղինակած շարժանկար մըն ալ գոյութիւն ունի. հոն, 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի կազմակերպած ցուցահանդէսին առիթով կը ներակայացնեմ հօրս պաստառները:

«ՆՅ» – Հետաքրքրական է նաեւ գեղանկարչութեան կողքին գեղանկարչութեան տեսութեան, պատմութեան մասին ձեր հօր պատրաստած ուսումնասիրութիւնը, զոր հրատարակած էք։ Այս գրութիւնները թերթերո՞ւ մէջ լոյս կը տեսնէին։
Ա. Մ. – Ո՛չ, ո՛չ, ուղղակի ձեռագիր վիճակով յայտնաբերեցի, ես չէի գիտեր: Թերթերու մէջ ալ բաւական գրած է, բայց սա ուղղակի ձեռագիր գիրք մըն էր:
«ՆՅ» – Քանի որ բազմաթիւ ցուցահանդէսներ սարքած է, մօտաւոր գաղափար մը ունի՞ք իր աշխատանքի ծաւալին մասին. քանի՞ կտաւ նկարած է։
Ա. Մ. – Իւրաքանչիւր ցուցահանդէսի տասնեակ նկարներ կը ցուցադրուէր, բաւական վաճառուեցաւ, բայց մեծ էր քանակը, քանի որ ան ամբողջ կեանքին ընթացքին նկարած էր, կը գրէր եւ Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ կը դասաւանդէր: Ցանկագրած եմ բոլորը: Ցանկը կայ:
«ՆՅ» – Բախտաւոր է ձեզի պէս զաւակ մը ունեցած ըլլալով, որ իր գործերը ստանձնած է ու արժեւորած։
Ա. Մ. – Համեստօրէն՝ այո՛, պատճառը ոչ միայն հօրս հանդէպ սէրն է, բայց նաեւ հայ արուեստը տարածելու ցանկութիւնը:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■