Մայիս 27-ին, Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ, բացումը կատարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ու Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցւոյ կազմակերպած Արցախի կրօնական, մշակութային ու պատմական ժառանգութեանց պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համագումարին:
Բացման նիստին խօսք առին Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները: Գարեգին Բ. Վեհափառ հայրապետը անձամբ արտասանեց իր խօսքը, իսկ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը տեսերիզի միջոցաւ իր խօսքը յղեց Անթիլիասի մայրավանքէն:
Գարեգին Բ. անդրադարձաւ Արցախի բռնագրաւման հետեւանքներուն՝ խօսելով ցեղային զտումներու, կրօնական ազատութեան ոտնահարումին եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման մասին։
“21-րդ դարուն, ցաւօք, վկաներն ենք պատերազմներու, թշնամանքի ու ատելութեան հիմքին վրայ իրականացուող ցեղային զտումներու, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութեան եւ մարդկային իրաւանց ոտնահարման դատապարտելի դէպքերու: Այս արհաւիրքները վերապրեցաւ նաեւ մեր ժողովուրդը Թուրքիոյ ռազմական օժանդակութեամբ Ազերպայճանի կողմէ Արցախի դէմ իրականացուած յարձակման ու ոճրագործութիւններուն հետեւանքով”,– նշեց կաթողիկոսը, դատապարտելով Ազերպայճանի կողմէ հայկական յուշարձաններուն ոչնչացումը եւ մշակութային ժառանգութիւնը աղուանականացնելու քաղաքականութիւնը՝ ընդգծելով, որ այդ քայլերը ոչ միայն ուղղուած են հայ ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան հոգեւոր արժէքներուն դէմ։
Ընդգծելով նման համագումարներու կարեւորութիւնը՝ Հայոց հայրապետը յոյս յայտնեց, որ միջազգային դերակատար երկիրները եւ իրաւասու կառոյցները գործուն քայլերու պիտի ձեռնարկեն ուղղուած՝ Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, արցախահայութեան՝ իր հարազատ բնօրրան անվտանգ վերադարձին, ազատ ու արժանապատիւ ապրելու արդար իրաւունքներու վերականգնումին եւ հայ գերիներու շուտափոյթ ազատ արձակումին։
Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ ընդգծեց. “Միջազգային համայնքը պէտք չէ լուռ մնայ արցախահայութեան արդար դատին հանդէպ, այլ պատասխանատւութեան հրաւիրէ Ազերպայճանը եւ պաշտպան կանգնի Արցախին՝ արդարութեան վերահաստատման հրամայականէն մղուած”։ Այնուհետեւ հետեւեալ կէտերը յանձնեց համագումարի հայ եւ օտար մասնակցողներու ուշադրութեան.
ա) Արցախի մէջ ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ եղաւ իր դարաւոր հայրենիքէն եւ օրէ-օր մեր կրօնական, մշակութային ու պատմական ժառանգութիւնը Ազերպայճանի պետութեան հովանաւորութեամբ քանդումի կ՚ենթարկուի ծրագրուած ձեւով։
բ) Ինչ որ տեղի ունեցաւ 2023-ին եւ կը շարունակուի այսօր՝ ցեղասպանութիւն է. 1915-ի Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութիւնը նոր մեթոտաբանութեամբ եւ աճող ուժգնութեամբ այսօր ի գործ կը դրուի Ազերպայճանի կողմէ։ Ի մի բան՝ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։
գ) Միջազգային օրէնքը յստակօրէն կը դատապարտէ ցեղասպանութիւնը եւ կ՚երաշխաւորէ հայորդիներուն իրենց հայրենիքը՝ Արցախ վերադարձը։ եկեղեցիներուն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին եւ բարի կամեցողութեան տէր հաւաքականութիւններուն պարտականութիւնն է գործնականօրէն արձագանգել այս քայլերուն եւ դառնալ արդարութեան վերահաստատման մասնակիցներն ու վկաները։
դ) Այս համագումարը կոչուած է յայտարարութիւն կատարելէ անդին՝ ուղեցոյց հանդիսանալու Արցախի դատի հետապնդման, մեր գերիներու ազատ արձակման, մեր ժողովուրդի զաւակներու Արցախ վերադարձին եւ արդարութեան վրայ խարսխուած խաղաղութեան վերահաստատման։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։