Էրտողան–Նեթանիահու բուռն վէճը Երուսաղէմի կարգավիճակին շուրջ

Աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր ծանր դիւանագիտական տագնապ մը ծայր է առած է Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ. Էրտողան եւ Նեթանիահու փոխադարձ շատ խիստ յայտարարութիւններով՝ բուռն բանակռիւի մէջ են Երուսաղէմի կարգավիճակին հարցով։

Լարումը գագաթնակէտին հասաւ երբ վերջերս Երուսաղէմի մէջ պաշտօնական միջոցառման մը ընթացքին՝ Նեթանիահու ուղղակի դիմելով Էրտողանին, յայտարարեցԵրուսաղէմը քու քաղաքդ չէ՛, Էրտողան։ Ան միշտ մերը պիտի մնայ եւ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ մասնատում։ Այս խօսքերը արձագանգ էին Թուրքիոյ նախագահի յաճախակի յայտարարութիւններուն, որ 2020-էն ի վեր կը պնդէ, թէ «Երուսաղէմը մեր քաղաքն է» եւ կանոնաւոր կերպով կը պաշտպանէ պաղեստինեան իրաւունքները Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ։

Նեթանիահուի այս յայտարարութեան՝ Էրտողան պատասխանեց բաւական սուր կերպով Անգարայի մէջ Արտաքին գործոց նախարարութեան նոր ոստանին հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքինԿարելի է, որ ան չի գիտեր, բայց մահմետականները Երուսաղէմը խաղաղութեան քաղաք դարձուցած են։ Ան աւելցուց նաեւ սպառնալիքի ձեւովՆեթանահու երբեք պէտք չէ մոռնայ, թէ ի՛նչ դիրք բռնած էի 27 տարի առաջ։

Լարումը ա՛լ աւելի սաստկացաւ, երբ Էրտողան յայտարարեցՈրպէս մահմետականներ, մենք քայլ մ՚իսկ պիտի չնահանջենք Արեւելեան Երուսաղէմի առնչուող մեր իրաւունքներէն”, խոստանալով, որ Թուրքիա «երբեք պիտի չարտօնէ, որ Սուրբ քաղաքը պղծուի»։

Այս հակամարտութեան կարեւոր ծալքերէն մէկն ալ կը վերաբերի Սիլովամի հին արձանագրութեան, որ ներկայիս կը պահուի Պոլսոյ հնագիտութեան թանգարանին մէջ։ Նեթանիահու այս շաբաթ յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը փորձած էր վերատիրանալ այս պատմական նմուշին 1998-ին, սակայն Էրտողան կտրականապէս մերժած էր վերադարձը՝ յայտարարելովՔարի կտոր մ՚իսկ չենք տար Երուսաղէմէն։

Այս ճգնաժամը կը ծաւալի տարածաշրջանային աւելի լայն ու պայթիւնավտանգ համածիրի մը մէջ, որ հետզհետէ բորբոքեցաւ Կազայի պատերազմով եւ անոր բնակչութեան յայտնուած աղէտալի վիճակով (աւելի քան 64.000 պաղեստինցի զոհ, ըստ տեղական առողջապահական իշխանութիւններուն) եւ Իսրայէլի վերջին յարձակումներով՝ Քաթարի վրայ։ Հոս կարեւոր է նշել, որ Կազայի պատերազմէն, Երուսաղէմի կարգավիճակի հարցէն անդին Թուրքիա եւ Իսրայէլ Միջերկրականի արեւելեան հատուածին մէջ ուժանիւթային (հորատումներ) լուրջ մրցակցութեան մէջ են եւ այս կալուածէն ներս ալ ունին լուրջ տարակարծութիւններ ինչ կը վերաբերի ջրային սահմաններու։ Այս ամբողջը նկատի ունենալով՝ Թուրքիա անհանգիստ է Միացեալ Նահանգներու անսասան աջակցութեամբ Իսրայէլին։

(Հոս կարճ փակագիծ մը բանալով՝ անհրաժեշտ կը համարենք ԹուրքիաԻսրայէլ յարաբերութիւններուն մասին վերեւ նշուածներուն անպայման կցել «երեւութապէս» մակդիրը, քանի որ սովորական մահկանացուներս երբեք ալ պիտի չկարենանք իմանալ, թէ ճշմարտապէս ի՞նչ կ՚անցնիկը դառնայ ԹուրքիաԻսրայէլ դիւանագիտական նրբանցքներուն մէջ։ Տասնեակհազարաւոր թոն ապրանք շալկած, Թուրքիոյ միջերկրականեան ափերէն դէպի իսրայէլական նաւամատոյցներ,– ներառեալ զինուորական,– ծով բացուող բեռնատար նաւերը վկայՄիայն թէ՝ օտար դրօշով նաւեր, քանի Թուրքիա «արգիլած է» իր դրօշով նաւերու խարսխումը Իսրայէլ)։

Երկու խօսքով ամփոփելու համար Երուսաղէմի շուրջ՝ երկու երկիրներու վէճին ներկայի փուլը (գոնէ երեւութապէս)՝ Էրտողանի Թուրքիան կը հանդիսանայ զօրաւոր պաշտպան մը պաղեստինեան դատին եւ այդ լծակով կը փորձէ միջամտել Սուրբ քաղաքի կարգավիճակին, իսկ Իսրայէլ ալ ջանք չի խնայեր ամրապնդելու իր վերահսկողութիւնը ամբողջ Երուսաղէմի վրայ, զայն նկատելով «յաւերժական ու անմասնատելի մայրաքաղաք»։

Հուսկ նշենք, որ Սիլվամի արձանագրութիւնը (որ կը կոչուի նաեւ Սիլովէի արձանագրութիւն) յայտնաբերուեցաւ 1880-ին՝ պատահականօրէն, Արեւելեան Երուսաղէմի Սիլուան թաղամասին մէջ։ Ան կը նկարագրէ Եզեկիաս թագաւորի փապուղիին կառուցումը (Ք.ա. 8-րդ դար), որուն նպատակն էր Գիհոնի աղբիւրէն ջուր հասցնել Սիլովէի լճակ։ Գրուած է աստուածաշնչեան եբրայերէնով՝ հին եբրայերէն այբուբենով եւ կը նկատուի ամէնէն թանկարժէք հին եբրայական արձանագրութիւններէն մէկը, որ ներկայիս խորհրդանիշ դարձած է Երուսաղէմի շուրջ պատմական հակադիր յաւակնութիւններուն։