Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թաթոյեան. «Ադրբեջանը չի սահմանափակուելու միայն Արցախով եւ չունի խաղաղութեան որեւէ մտադրութիւն»

«Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն, իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան Մայիս 15-ին Դիմագիրքի իր էջին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Ադրբեջանը չի սահմանափակուելու միայն Արցախով եւ չունի խաղաղութեան որեւէ մտադրութիւն՝ անկախ Արցախի հարցից:

Ադրբեջանական իշխանութեան նպատակը մեր զգօնութիւնը թմրեցնելն է եւ կեղծ խաղաղութեան շղարշով յարձակումները առաջ տանելն է, հայկական ինքնութեան ոչնչացումը:

Հիմա նրանց պետական քաղաքականութեան հիմնարար նպատակներից են մեր հասարակութեան պառակտումն ու լարուածութիւնը խորացնելը, Հայկական սփիւռքի հետ բոլորիս թշնամացնելը»։