Ինչպէս յայտարարած էինք, Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ. Թուրքիա կատարած առաջին արտասահմանեան այցելութեան վերջին օրը՝ Նոյեմբեր 30-ին այցելած է Պոլսոյ հայկական Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ մայր տաճար, մասնակցած է պատարագին:

Այնուհետեւ ան այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը:
Յիշեցնենք, որ Քահանայապետին Թուրքիա այցը Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առիթով էր:

Նոյեմբեր 28-ին պատմական Նիկիոյ (Իզնիք) մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Նիկիոյ Տիեզերական Ա. ժողովի 1700-ամեակը։ Համամիութենական աղօթքի հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է Սուրբ Նեոփիտոս եկեղեցւոյ հնաբանական վայրին մէջ, համախմբած է քրիստոնեայ աշխարհի հոգեւոր առաջնորդները։
Արարողութեան համանախագահած են Հռոմի Պապ Լեւոն ԺԴ. եւ Տիեզերական պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա.։ Ներկայ եղած են նաեւ Աղեքսանդրիոյ, Անտիոքի, Երուսաղէմի Ուղղափառ եւ Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքներն ու ներկայացուցիչները։
Հայ Առաքելական եկեղեցին ներկայացուցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ.՝ ընկերակցութեամբ Արամ արք. Աթէշեանի։ Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ ներկայ եղած է Կոմիտաս արք. Օհանեանը։ Տիեզերական պատրիարքը արարողութեան ընթացքին անգլերէնով կարդացած է յատուկ աղօթք մը։

Իսկ Լեւոն ԺԴ. պապը իր պատգամին մէջ շեշտած է քրիստոնէական միութեան կարեւորութիւնը՝ կոչ ընելով յաղթահարելու բաժանումները եւ մերժելու պատերազմն ու բռնութիւնը։ «Կրօնի օգտագործումը պատերազմն արդարացնելու համար վճռականօրէն պէտք է մերժուի»,– ըսած է Սրբազան քահանայապետը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Բարթուղիմէոս պատրիարքին այս պատմական նախաձեռնութեան համար։
Հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին մասնակիցները խորհրդանշական կանթեղներ վառած են, աւարտած է խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամներով։ ■