Պոլսոյ «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած լուրին համաձայն՝ 1915-էն առաջ հայկական բնակավայր Սեբաստիոյ (Սվաս) Զարա գաւառի Ալաքիլիսէ (նախկին անունով Միւսլիւմապաթ) գիւղին մէջ գտնուող՝ 13-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Մինաս եկեղեցւոյ գերեզմանոցը աւերած են:
Եկեղեցին վերջերս այցելած քաղաքացի մը, թերթին վկայած է. “Ոսկորները տեսանք ամէնուրէք սփռուած: Տեսարանը իրօք շատ գէշ էր: Կը փափաքինք, որ այս աւերածութեան վերջ տրուի”:
Քըզըլըրմաքի (Կարմիր գետ / Ալիս) ժայռին վրայ բարձրացող Սուրբ Մինաս եկեղեցին, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ հայ բնակչութեան ապրած Ալաքիլիսէ գիւղին մէջ կը գտնուի: հակառակ անոր, որ շինութիւնը ներառուած է Թուրքիոյ «Մշակութային ցանկ»-ին մէջ, տարիներու ընթացքին «պահուած գանձ»-ի լուրերու պատճառով մէկէ աւելի անգամներ ապօրինի փորած են ու աւերած:
Հրանդ Տինք հիմնարկութեան տեղւոյն վրայ կատարած հետազօտութիւններուն համաձայն՝ գիւղին մէջ մինչեւ նոր մզկիթ մը կառուցուիլը, եկեղեցին գործածուած է որպէս այդ: Մզկիթին կառուցումէն ետք՝ շինութիւնը դասուած է մշակութային ժառանգութիւն: Սակայն այս կարգավիճակը չէ կրցած արգելք հանդիսանալ աւերումի շարունակուելուն:
Եկեղեցին այցելած քաղաքացիներ նշած են, որ շինութեան տարածքին մէջ ապահովութեան տեսախցիկներ կան, բայց հակառակ ատոր՝ շինութիւնը ծակ-ծակ եղած է: Իր տեսածները բաժնող այցելուներէն մէկը ըսած է հետեւեալը.
“Եկեղեցւոյ շուրջը եւ ճակատը տեսախցիկներ կային: Բայց շինութեան գետինը եւ շրջակայքը առկայ էին փորման բազմաթիւ հետքեր: Յատկապէս, գետի կողմը հայող մասին գերեզմանոց ըլլալը իմացանք Հրանդ Տինք հիմնարկութեան կայքէջէն: Հակառակ այս տեղեկութեան, գերեզմանոցը եւս փորուած էր, ոսկորները դուրս թափուած էին”:
Այցելութեան ընթացքին իրենց աչքին առջեւ պարզուած տեսարանը բնորոշելով սարսափելի, խումբի անդամները վկայած են, որ ոսկորները սփռուած էին բաւական ընդարձակ տարածքի մը վրայ: Եւ երբ անոնք ուզած են գիւղացիներէն հաստատել, թէ այդ ոսկորները մարդկայի՞ն են, սկիզբը ստացած են այդ վարկածը կտրականապէս հերքող պատասխաններ.
“Սկիզբը ըսին, որ ատոնք անասունի ոսկորներ են: Սակայն մեր խումբին մաս կազմողներէն մէկը, որ կ՚աշխատէր առողջութեան բնագաւառին մէջ՝ յստակօրէն հաւաստեց, որ ատոնք մարդկային ոսկորներ են: Այդ հաստատումէն ետք՝ գիւղացիները խոստովանեցան՝ «այո՛, մարդկային ոսկորներ են, բայց այս հողը մէկուն սեփականութիւնն է եւ կ՚ուզէր տուն կառուցել, բայց փորելու ընթացքին երբ ոսկորներ յայտնուեցան՝ հրաժարեցաւ»”:
Խումբի անդամները նշած են, որ շրջանի բնակիչները տեղեակ էին այս իրավիճակին, սակայն չէ ձեռնարկուած որեւէ միջոցի.
“Ակնյայտ է, որ այստեղը գերեզմանոց է: Մա՛նաւանդ, որ Հրանդ Տինք հիմնարկութեան արձանագրութիւններուն մէջ նշուած է որպէս այդ: Բայց հակառակ ատոր, տարածքը փորփրած, ոսկորները ցրուած են շուրջբոլորը եւ չէ ձեռնարկուած որեւէ միջոցի: Մինչ գոյութիւն ունին տեսախցիկներու տեսագրութիւններ, ինչպէ՞ս կարելի եղած է աչք փակել”:
Այցելողները նշած են, որ եթէ դեռ այսօր կանգուն կը մնայ Սուրբ Մինաս եկեղեցին՝ ատոր միակ պատճառը միջոց մը մզկիթ ծառայած ըլլալն է: Սակայն նոյնիսկ այդ ժամանակաշրջանին՝ շինութեան տարբեր մասերուն մէջ կատարուած են ապօրինի փորումներ, որոնց հետքերը յետոյ ծածկուած են։
“Գետինը ամբողջովին ծակծկուած էր: Երբ ներս մտանք՝ դեռ տեսանելի էր սակայն քարակոփ վարպետներու աշխատանքը: Մուտքին կային՝ խաչի նման նշան մը, հայոց այբուբենով գրուած գրարան մը: Ընթեռնլի էր «Սուրբ Մինաս» անունը: Սակայն շինութիւնը ընդհանուր առումով շատ գէշ վիճակի մէջ է: Ամէն մէկ եկող բրիչ մը զարկեր է, իւրաքանչիւրը բաժին մը թալաներ է”։
Այցելուն, որ շեշտած է, թէ ամէն կողմ ցրուած մարդկային ոսկորներու տեսարանը չափազանց անհանգստացուցիչ է, իր վկայութիւնը աւարտած է սա խօսքերով.
“Հոս գերեզմանոց է: Հոս թաղուած մարդոց ոսկորները չեն կրնար այսպէս մէջտեղը մնալ: Սա շատ մեծ չարութիւն է: Ակնյայտ է, որ գերեզմանոցը աւերուած է դիտաւորեալ: Աւելի՛ն, բոլորը տեղեակ են ատոր: Պատասխանատուները այլեւս լուռ պէտք չէ մնան ի տես այս վիճակին”:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։