Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, 8 տարուան դադարէ ետք, առաջին անգամ Սուրբծննդեան պատարագ մատուցուած է։
2015-ին Սուրի մէջ ծայր առած բախումներու հետեւանքով եկեղեցին լուրջ վնասներ կրած էր, սակայն վերանորոգուելէ ետք կրկին բացած էր իր դռները։
Պատարագին մասնակցելու համար Պոլիսէն Տիգրանակերտ ժամանած է հայր Նաթան Արաբեան։ Տարբեր քաղաքներէ բազմաթիւ Հայեր եւ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» նահանգային համանախագահները ներկայ գտնուած են պատարագին։
Հայր Արաբեան իր քարոզին մէջ հանդարտութեան, խաղաղութեան ու եղբայրութեան կոչ ըրած է։