Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքիոյ մէջ Ազերպայճանի դեսպանը յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքը շուտով կը բացուի»

Թուրքիոյ մէջ Ազերպայճանի դեսպան Ռաշատ Մամետով յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքը շուտով կը բացուի»։

“Զանգեզուրի միջանցքը կը միացնէ Թուրքիան եւ Ազերպայճանը։ Այդ միջանցքի բացման աշխատանքը շատ արագ կ՚ընթանայ եւ կը մօտենայ աւարտին”,– TRT Haber-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է ան։

Շարունակելով տարածքային յաւակնութիւններու քաղաքականութիւնը՝ ազերպայճանցի դեսպանը յայտնած է. “Զանգեզուրը այն հողն է, որ 1920-ին Խորհրդային Միութեան օրերուն խլուած է մեզմէ ու յանձնուած Հայաստանին։ Թուրքիոյ հետ Ազերպայճանի սահմանին պատնէշ դրուած է, ստեղծուած են խոչընդոտներ”։ Նշելով, թէ Զանգեզուրի միջանցքով Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ հեռաւորութիւնը կը կրճատուի՝ հասնելով 38 քիլոմեթրի, դեսպանը ընդգծած է, որ միջանցքը կարեւոր է նաեւ Ասիոյ հետ Թուրքիոյ առեւտրական յարաբերութիւններուն համար. “Թուրքիա կապ կը հաստատէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ”,– ընդգծած է ան։

Լկտի յայտարարութիւնները «անուշցնելու» համար Մամետով աւելցուցած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքի նախագիծը կարեւոր է նաեւ Հայաստանի համար՝ սեփական անվտանգութեան առումով»։