Թրքական ռազմական օդանաւին ջախջախումը կապ ունի՞ Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանին հետ

Թրքական ռազմական բեռնատար օդանաւին Վրաստանի մէջ ջախջախման վերաբերեալ՝  ազերպայճանական շրջանակներ յառաջ կը քշեն Ռուսաստանի հաւանական ներգրաւման տեսութիւններ։

Այսպէս, ազերպայճանցի ռազմական փորձագէտ Ապուզէր Ապիլով ընկերային ցանցերուն մէջ գրած է. «Դարձեա՞լ թռչուններու երամ»։

Այդ ըսելով՝ ան կ՚ակնարկէ Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մօտակայքը ազերպայճանական օդային ընկերութեան (AZAL) օդանաւի արկածին, զոր ռուսական կողմը սկզբնական շրջանին վերագրած էր թռչուններու հետ բախումի, նախքան ընդունիլը իր պատասխանատւութիւնը։

«Անձամբ ես կը կարծեմ, որ սա կա՛մ հրթիռ է, կա՛մ անօդաչու սարք։ 102-րդ կայանը արկածին պատահած վայրին մօտակայքն է»,– գրած է ազերի փորձագէտը։

Անոր ակնարկած 102-րդ կայանը ռուսական ռազմակայանն է, որ կը գտնուի Գիւմրիի մէջ։