Իրանի մէջ առաջին անգամ՝ կնոջ մը ղեկավարած նուագախումբը կատարած է Արամ Խաչատրեանի «Սուրերով պարը»

Թեհրանի «Վահտաթ» դահլիճը նշանակալի իրադարձութեան մը բեմը դարձած է. Թեհրանի սիմֆոնիկ նուագախումբը կատարած է «Սիմորղի երկիրը» ծրագիրը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ղեկավարէր կին խմբավար մը՝ Փանիզ Ֆերիուսէֆին։

Ծրագիրը բացուած է Սիպելիուսի լարային համոյթի համար գրուած «Իմփրոմթ» Op.5-ով, որուն յաջորդած են ժամանակակից իրանցի երգահաններ Կոլֆամ Խայամի եւ Աֆթապ Տարվիշիի ստեղծագործութիւնները։

Երեկոյթը եզրափակուած է բարձր տրամադրութեամբ՝ Արամ Խաչատրեանի «Գայիանէ» պալէէն «Սուրերով պար»-ով։

Փանիզ Ֆերիուսէֆին համերգը նուիրած է Իրանի կիներուն եւ մայրերուն, յատկապէս՝ իր մօրը։