Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Վահան Կոստանեան եւ Քամալ Խարազի բարձր գնահատած են Հայաստան-Իրան գործակցութիւնը

Աշխատանքային այցով Յունուար 20-ին Թեհրան ժամանած Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան հանդիպում ունեցած է Իրանի գերագոյն առաջնորդի խորհրդական, Արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի ղեկավար Քամալ Խարազիի հետ:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ այս կապակցութեամբ կը նշուի, թէ անդրադառնալով երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգին՝ զրուցակիցները բարձր գնահատած են Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ ընդգծած՝ այդ ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու կարեւորութիւնը։

Շեշտուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը անվերապահօրէն յարգելու անհրաժեշտութեան մասին Իրանի սկզբունքային դիրքորոշման հրամայականը: Գոհունակութեամբ արձանագրուած է տնտեսութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններու նշանակալի զարգացումը:

Կոստանեան իրանական կողմին ներկայացուցած է տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն առնչուող հոլովոյթներու մանրամասնութիւնները։