Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՒՆԻՍԷՖ.– «Բերձորի միջանցքի փակումը բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենայ երախաներու վրայ»

 

ԻՒՆԻՍԷՖ անդրադառնալով Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով ստեղծուած կացութեան յայտարարած է, թէ ամէնէն շատ երախաներն են տուժողները։

Կազմակերպութիւնը այս առթիւ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Որքան երկար տեւէ այս իրավիճակը, այդքան աւելի շատ պիտի տուժեն երախաները՝ հիմնական սննդամթերքի եւ տարրական ծառայութիւններու չգոյութենէ, որոնք անհրաժեշտ են անոնց գոյատեւման, առողջ աճին եւ բարեկեցութեան համար: Մինչդեռ բազմաթիւ մանուկներ զրկուած են նաեւ ծնողական խնամքէ, քանի որ բաժնուած են իրենց ծնողներէն կամ օրինական խնամակալներէն:

ԻՒՆԻՍԷՖ կը շարունակէ երկխօսութեան եզրեր փնտռել եւ համագործակցիլ բոլոր դերակատարներու հետ, որպէսզի կարելիութիւն ունենայ մուտք գործելու տարածաշրջան՝ աջակցելու հոն բնակող երախաներուն»: