ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Նոր երթ

Այս թի­ւով,  «Նոր Յա­ռաջ»-ի հա­մար կը սկսի նոր երթ մը։ Norh Publi­cations ըն­կե­րու­թիւնը նիւ­թա­կան դժուա­րու­թիւննե­րու առ­ջեւ գտնուելով, կը դադ­րի «ՆՅ»-ի հրա­տարա­կիչը ըլ­լա­լէ, փո­խարէ­նը՝ Հայ­կա­կան Կար­միր Խա­չի Օգ­նութեան Միու­թիւնը (ՀԱՅԿԽՕՄ— CSCRA) կը ստանձնէ թեր­թին հրա­տարա­կու­թիւնը, ինչպէս որ ար­դէն յայ­տա­րարուած էր «ՆՅ»-ի Հոկ­տեմբեր 2-ի թի­ւին մէջ։ Ար­տօ­նատէր կը դառ­նայ Ժի­րայր Չո­լաքեան։ Փո­փոխու­թիւնը վար­չա­կան է։ Խմբագ­րա­կան ու­ղե­գիծը կը մնայ նոյ­նը՝ անդրա­դառ­նալ Ֆրան­սաՀա­յաս­տան միջ­պե­տական յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն եւ աւե­լի լայն շրջա­ծիրի մէջ՝ կով­կա­սեան քա­ղաքա­կանու­թեան, Եւ­րո­պաԱսիա, Արե­ւելքԱրեւ­մուտք յարաբե­րու­թիւննե­րուն, թի­կունք կանգնիլ Հա­յաս­տա­նի պե­տակա­նու­թեան ամ­րապնդման, հանդիսանալ վկան ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի ինքնու­թե­նական, մշա­կու­թա­յին ու ըն­կե­րային կեն­սունա­կու­թեան։

«Նոր Յա­ռաջ» ստեղ­ծուեցաւ Ֆրան­սա­յի պատ­մա­կան «Յա­ռաջ» թեր­թի հրա­տարա­կու­թեան դադ­րե­ցու­մէն  ետք՝ ստեղ­ծուած բացը փա­կելու, շա­րու­նա­կելով «Յա­ռաջ»-ի ան­կախ մա­մուլ ըլ­լա­լու աւան­դութիւ­նը։ Հայ­կա­կան Կար­միր Խա­չի Օգ­նութեան Միու­թեան հո­վանիին տակ անցնե­լով՝ «Նոր Յա­ռաջ» երկրորդ ամուր պատ­մա­կան կա­մուրջով մը կը կա­պուի ար­դի ֆրան­սա­հայ հա­մայնքի ար­մատնե­րուն։ Արդ, ՀԱՅԿԽՕՄ ստեղ­ծուած է 1920-ին, 1901-ի օրէն­քի հի­ման վրայ, Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած հայ տա­րագիր­նե­րու Ֆրան­սա հաս­տա­տման առա­ջին տա­րինե­րուն, Առա­ջին հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մին մարտնչած հայ կա­մաւոր­նե­րուն օգ­նութիւն ցու­ցա­բերե­լու հա­մար։ Հիմ­նուած է Փա­րիզի Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ Տիկ­նանց միու­թեան հո­վանա­ւորու­թեամբ։ Ու­նե­ցած է բազ­մա­թիւ մաս­նա­ճիւ­ղեր։ Երկրորդ հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի ըն­թացքին ու­նե­ցած է դար­մա­նատուն մը, յե­տոյ վա­րած է մա­նուկնե­րու ճամ­բար մը Նոր­մանտիոյ մէջ, եւ 2009-էն ի վեր սե­փակա­նատէրն է «Անա­քօ» տա­փանա­ւուն։ ՀԱՅԿԽՕՄի վար­չութեան ան­դամներն են՝ տոքթ. Սար­վէն Էօզալ­թըն, Արամ Քե­րով­բեան եւ Ժի­րայր Չո­լաքեան։

Որքան որ պատ­մա­կան այս զոյգ ար­մատնե­րը մեզ կը դնեն եզա­կի պա­տաս­խա­նատ­ւութեան առ­ջեւ, նոյնքան ալ ար­դի ժա­մանակ­նե­րու յարիր լրատ­ւու­թիւն կա­տարե­լը, գո­յատե­ւելը կը մնայ մեծ մար­տահրա­ւէր։ Ինչպէ՞ս դի­մագ­րա­ւել 21-րդ դա­րուն ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան, թուային աշ­խա­րհի նո­րարա­րու­թեան պար­տադրած մտայ­նութիւննե­րու փո­փոխու­թիւնը, ինչպէ՞ս մրցակցիլ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ ստեղ­ծուած՝ լու­րե­րու տա­րած­ման նոր մի­ջոց­նե­րուն հետ։ Որո՞նք են աւան­դա­կան լրա­սփիւռնե­րուն այ­լընտրանքնե­րը, եկա­մու­տի նոր աղ­բիւրնե­րը, նոր լու­ծումնե­րը։

Դժուար ճա­նապարհ մը «Նոր Յա­ռաջ»-ի հա­մար, որուն նիւ­թա­կան աղ­բիւրնե­րը սահ­մա­նափակ են, որով­հե­տեւ անոր եկա­մու­տը կա­խեալ է հիմ­նա­կանին մէջ տպա­գիր մա­մու­լի իր ըն­թերցող­նե­րէն։ Իսկ տպա­գիր մա­մու­լի ըն­թերցող­նե­րը հետզհետէ կը նուազին, թուային աշ­խարհի զար­գացման զու­գա­հեռ։ Բա­րեբախ­տա­բար ու­նե­ցած ենք մե­կե­նաս­ներ, որոնք փակած են բա­ցերը։ Սա­կայն, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեամբ՝ հա­յու­թեան ըն­կալեալ կեան­քին մէջ ի յայտ եկան նոր ան­յայտներ, յատ­կա­պէս Ար­ցա­խի խնդի­րը, 2020-ի պա­տերազ­մին Հա­յաս­տա­նի պար­տութիւ­նը, Հա­յաս­տանԱզեր­պայճան խա­ղաղու­թեան օրա­կարգը, որոնք սուր կեր­պով բաժ­նե­ցին հայ հա­սարա­կու­թիւնը թեր եւ դէմ ճա­կատ­նե­րու, ինչ որ իր դառն ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­ցաւ մեր ըն­թերցող­նե­րու շրջանակին մէջ ալ. անոնցմէ ոմանք հե­ռացան՝ հայրենի իշ­խա­նու­թեանց հե­տապնդած խա­ղաղու­թեան օրա­կար­գին նկատմամբ խմբագ­րութեանս որդեգրած կողմնա­կից դիրքորոշման պատ­ճա­ռով։ Սա խմբագ­րութիւնս կը մղէ եկա­մու­տի կա­յուն աղ­բիւրներ որոնե­լու եւ առ ի չգո­յէ, կոչ կ՚ուղղէ հա­մայնքին աւե­լիով զօ­րակ­ցե­լու թեր­թին, որ­պէսզի ան կա­րենայ գլուխ հա­նել իր առա­քելու­թիւնը։

«Նոր Յա­ռաջ» ու­նի նաեւ լե­զուա­կան իւ­րա­յատ­կութիւն. Արեւմտեան Եւ­րո­պայի տա­րած­քին՝ միակն է, որ լոյս կը տես­նէ եր­կօ­րեայ պար­բե­րակա­նու­թեամբ արեւմտա­հայե­րէնով, զոր Ֆրան­սա կը ճանչնայ իբ­րեւ երկրին լեզուներուն մաս կազմող, ար­տա­տարած­քա­յին կար­գա­վիճա­կով։ «ՆՅ» ըն­դունուած է հա­յախօս սփիւռքա­հայու­թեան հա­զուա­գիւտ ան­կախ թեր­թե­րէն։ Ան ու­նի նաեւ ֆրան­սե­րէն շա­բաթա­կան յա­ւելուածը. կը հա­ղոր­դէ հա­յու­թեան վե­րաբե­րեալ լրատ­ւութիւն, որ բաղ­դա­տած անգլե­րէնով հրամ­ցուած տե­ղեկատ­ւութեան ծա­ւալին կը մնայ շատ սահ­մա­նափակ։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր ըն­­թերցող­­նե­րուն հա­մակիր­նե­րուն աւե­լիով զօ­րակ­ցե­լու սփիւռքա­հայ երկլե­զու մա­մու­լին, որ­պէսզի ան ինքնավստա­հու­թեամբ կա­րենայ կա­տարել իր առա­քելու­թիւնը։

Ժ.Չ.