Խորհրդային պատմութեան անծանօթը՝ Անաստաս Միկոյեան

Արխիւային նոր փաստերէն անդին՝ այս գիրքը ամբողջութեամբ կը փոխէ հաստատուած տեսակէտը Անաստաս Միկոյեանի եւ անոր դերակատարութեան մասին նախկին խորհրդային երկիրներու ընկերային եւ տնտեսական զարգացման մէջ։

 

 

Գրեց՝ ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ Վ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ

 

 

 

Անաստաս Մի­կոյեան. հայ բա­րեփո­խիչը Խրուշչո­վի Քրեմ­լի­նին մէջ

Փիեթ­րօ Ա. Շա­քարեան, 

Պլու­մինկթըն, Ին­տիանա, ԱՄՆ, 

Ին­տիանա հա­մալ­սա­րանի հրա­տարակ­չութիւն, 2025։

***

Շատ բան գրուած է նախ­կին Խորհրդա­յին Միու­թեան մա­սին՝ սկսած 1922-ին անոր ստեղ­ծումէն, եւ աւե­լի շատ՝ ան­կումէն ի վեր, 1991-ին։ 

Գի­տական ճի­գե­րը, ու­սում­նա­սիրե­լով Խորհրդա­յին Միու­թիւնը իր բո­լոր նրբե­րանգնե­րով, կեդրո­նացած են չա­փազանց լայն եւ բազ­մա­զան հե­տազօ­տական խնդիր­նե­րու վրայ՝ պատ­մա­կան վեր­լուծու­թիւննե­րէ մին­չեւ արուեստ, մշա­կոյթ, ըն­կե­րա-տնտե­սական հե­տազօ­տու­թիւն­ներ, քա­ղաքա­կան մեկ­նա­բանու­թիւններ եւ այլն։

Այս գրա­կանու­թեան մէջ  ժո­ղովրդա­կանու­թիւն վայելած են նաեւ խորհրդա­յին ակա­նաւոր ղե­կա­վար­նե­րէն ոմանց պատ­մութիւննե­րը։ Քննա­դա­տու­թեան տար­բեր երանգնե­րով՝ այս ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը հա­կած են կեդ­րո­նանա­լու կա՛մ բա­ցառա­պէս անոնց գլխա­ւոր հե­րոս­նե­րու կեն­սա­կեր­պին, կա՛մ ալ անոնց ազ­դե­ցու­թեան՝ այն երկրին վրայ, որու կա­ռու­ցման փորձեցին նպաստել, ինչպէս նաեւ ամ­բողջ աշ­խարհի վրայ։ Ու­րիշներ կը փոր­ձեն միաձու­լել իրենց ընտրած կեր­պա­րին կեան­քին թէ՛ անձնա­կան եւ թէ մաս­նա­գիտա­կան կող­մե­րը, ոմանք կեդ­րո­նանա­լով բա­ցար­ձակ ման­րուքնե­րու, իսկ ոմանք՝ աւե­լի լուրջ նիւթե­րու վրայ։

Այս վեր­ջին խումբին հրա­պարա­կումնե­րուն մեծ մա­սը կը կեդ­րո­նանայ վեց դիւ­րա­ճանաչ անուննե­րու վրայ՝ Վլա­տիմիր Լե­նին, Լեւ Թրոց­քի, Իոսիֆ Սթա­լին, Նի­քիթա Խրուշչով, Լէոնիտ Պրեժ­նեւ եւ Մի­խայիլ Կոր­պա­չով։ Նման ու­շադրու­թիւն ար­դա­րացուած է, քա­նի որ այդ ծա­ւալուն հա­տոր­նե­րուն (յա­ճախ քա­նի մը հա­տոր­նե­րով եւ բազ­մա­թիւ հրա­տարա­կու­թիւննե­րով) գլխա­ւոր հե­րոս­նե­րը կա՛մ ազ­դած են խորհրդա­յին պատ­մութեան մեծ մա­սին վրայ, կա՛մ ան­մի­ջակա­նօրէն ղե­կավա­րած են։

Կա­րելի է նե­րել այն են­թադրու­թիւնը, թէ այն ամէ­նը, ինչ որ կա­րելի էր ըսել այդ դժուարին ժա­մանա­կաշրջա­նին մա­սին, ար­դէն ըսուած է եւ բազ­միցս։

Ուստի, ճիշդ այս հանգրուանին է, որ մեր ու­շադրու­թեան կու գայ նոր մե­նագ­րութիւն մը՝ իր ան­թե­րի փաս­տա­ցի վեր­լուծու­թեամբ եւ դիւ­րին ըն­թեռնլիու­թեամբ։ Փիեթ­րօ Շա­քարեանի գիր­քը, որ վեր­նագրուած է «Անաս­տաս Մի­կոյեան. Հայ բա­րեփո­խիչը Խրուշչո­վի Քրեմ­լի­նին մէջ», յա­ջողու­թեամբ եւ որոշ առումնե­րով քա­ջաբար կը սե­ւեռէ մեր ու­շադրու­թիւնը նոր փաս­տե­րու վրայ այն նիւ­թին մէջ, որ ըստ ամե­նայ­նի անցեալին ու­սումնա­սիրուած եւ մէկ կողմ դրուած է՝ նախ­կին Խորհրդա­յին Միու­թեան բարդ պատ­մութիւ­նը եւ այդ պատ­մա­կան համածիրին մէջ անոր քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րէն մէ­կուն դե­րը։

Գիր­քին ու­շադրու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնուի խորհրդա­յին պե­տական գոր­ծիչ եւ Քաղ­բիւրո­յի ան­դամ Անաս­տաս Մի­կոյեանը։ Ինչպէս հե­ղինա­կը կը նշէ, ան «թե­րեւս լա­ւագոյնս ճանչցուած է թէ՛ Արեւ­մուտքի, թէ՛ յետխորհրդա­յին տա­րած­քին մէջ որ­պէս քա­ղաքա­կան վե­րապ­րող, որ դի­մացած է խորհրդա­յին իւ­րա­քան­չիւր ղե­կավա­րի՝ «Իլի­չէն մին­չեւ Իլիչ, առանց սրտի կա­թուա­ծի եւ կա­թուա­ծահա­րու­թեան» (հոս ակ­նարկը Վլա­տիմիր Իլիչ Լե­նինէն մին­չեւ Լէոնիտ Իլիչ Պրեժ­նեւ պաշ­տօ­նավար­ման ժա­մանակ­նե­րուն մա­սին է)։

Այս գիր­քը Մի­կոյեանի կեն­սագրա­կան ման­րա­մաս­նութիւննե­րու պարզ վե­րապատ­մումը կամ երկրին վրայ անոր քա­ղաքա­կան ազ­դե­ցու­թեան ներ­կա­յացու­մը չէ։ Փո­խարէ­նը, հե­ղինա­կը իր ըն­թերցո­ղը կը տա­նի դէ­պի վար­պետ եւ անսպա­սելի վեր­լուծա­կան բա­ցայայ­տում Մի­կոյեանի նշա­նակու­թեան մա­սին խորհրդա­յին պատ­մութեան իւ­րա­քան­չիւր ման­րա­մաս­նութեան մէջ՝ որ­պէս ըն­կերվա­րական իտէալ­նե­րու իս­կա­կան հա­ւատա­ցեալ։ Եւ այդ առու­մով, Շա­քարեանի ներդրու­մը խորհրդա­յին դա­րաշրջա­նի մեզի արդէն ծանօթ գի­տելիք­նե­րուն մէջ բե­կումնա­յին է եւ կը ներ­կա­յանայ եր­կու մա­սով։

Առա­ջին ներդրու­մը կու գայ Շա­քարեանի կող­մէ նոր եւ եզա­կի ար­խի­ւային ար­ձա­նագ­րութիւննե­րու բա­ցայայ­տումէն եւ վեր­լուծու­թե­նէն, որոնցմէ ոմանք հիմ­նուած են նաեւ Մի­կոյեանի անձնա­կան հա­ղոր­դակցու­թիւննե­րուն, ինչպէս նաեւ ըն­տա­նեկան ար­խիւնե­րուն վրայ։ Շա­քարեանի տպա­ւորիչ պա­տաս­խա­նատու վե­րաբեր­ումը իր աղ­բիւրնե­րուն նկատ­մամբ, ռու­սա­կան, հայ­կա­կան եւ արեւմտեան ար­խիւնե­րու ու նոյն փաս­տա­թուղթե­րու տար­բեր թարգմա­նու­թիւննե­րու մի­ջեւ խա­չաձեւ ստու­գումնե­րով, կը պսա­կէ անոր ան­վի­ճելի տի­րապե­տու­մը նիւ­թին եւ յստակ վեր­լուծու­թիւնը։

Մի­կոյեանի ամե­նակա­րեւոր հրա­պարա­կային ելոյթնե­րէն ոմանց դժուար ձեռքբե­րելի սե­ւագրութիւննե­րու քննու­թեան մի­ջոցով, հե­ղինա­կը մեզ կ՚առաջ­նորդէ դէ­պի ամ­բողջա­կան պատ­կե­րի զար­գա­ցում այն քիչ նկա­տուած ման­րա­դիտա­կային հան­գա­մանքնե­րուն, որոնք ձե­ւաւո­րեցին մէ­կը միւ­սին յա­ջոր­դող մեծ քա­ղաքա­կան որո­շումնե­րը։ Եւ խորհրդա­յին քա­ղաքա­կան վեր­նա­խաւին մէջ Մի­կոյեանի պաշ­տօ­նավար­ման ըն­թացքին, ան վե­րահսկեց խորհրդա­յին ըն­կե­րային, քա­ղաքա­կան եւ տնտե­սական կա­ռավար­ման որոշ հիմ­նա­կան կող­մե­րը։ Շա­քարեան առա­ջին­նե­րէն է, եթէ ոչ առա­ջինը, որ կը քննար­կէ այս իրա­դար­ձութիւննե­րը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ար­խի­ւային փաս­տա­թուղթե­րուն իր ծա­նօթու­թիւնը։

Մի­կոյեանն էր, որ որ­պէս խորհրդա­յին ար­տա­քին առեւ­տուրի ժո­ղովրդա­կան կո­միսար 1930-ական­նե­րուն, նոր ար­հեստա­գիտու­թիւն ձեռք բե­րաւ խորհրդա­յին գիւ­ղատնտե­սական եւ ար­դիւնա­բերա­կան ոլորտնե­րուն մէջ։ Մի­կոյեանն էր, որ Գու­պա­յի հրթի­ռային ճգնա­ժամի ըն­թացքին խորհրդա­յին կող­մէն առաջ­նորդեց դի­ւանա­գիտա­կան ջան­քե­րը՝ կան­խե­լու հիւլէական աղէ­տը։ Մի­կոյեանն էր, որ պի­տի ստանձնէր առա­ջատար դեր ապաս­թա­լինա­կանաց­ման մէջ 1953-1964 թուական­նե­րու «Ձիւնհա­լ»-ի շրջա­նին։ Բայց նաեւ Անաս­տաս Մի­կոյեանն էր՝ «Քրեմ­լի­նի հայը», որ պի­տի դառ­նար գլխա­ւոր բա­րեփո­խիչը ազ­գութիւննե­րու հար­ցին մէջ Խորհրդա­յին Միու­թեան տա­րած­քին՝ յստա­կօրէն պաշտպա­նելով մեծ երկրի ցեղային խումբե­րու իս­կա­կան բազ­մա­զանու­թեան պահ­պա­նումն ու անոր աջակ­ցութիւ­նը։

Եւ սա մեզ կ՚առաջնորդէ գիր­քի երկրորդ, եւ հա­ւանա­բար ամե­նակա­րեւոր ներդրու­մին։ Այն է՝ հե­ղինա­կին կա­րողու­թիւնը, գիր­քի վեր­նագրին մէջ միաձու­լե­լով «հայ» եւ «Քրեմ­լին» բա­ռերը, ու­շադրու­թեան կեդ­րոնը բե­րելով ան­հա­տակա­նու­թեանց դե­րին դա­րաւոր խնդի­րը ազ­գե­րու ճա­կատա­գրի ձե­ւաւոր­ման մէջ։

Իս­կա­պէս, ինչպէս գիր­քը կը պնդէ առա­ջին էջէն, Անաս­տաս Մի­կոյեանի հայ­կա­կան ծա­գումն էր, որ որո­շեց անոր նրբան­կատ մօ­տեցու­մը քա­ղաքա­կանու­թեան մշակ­ման նկատ­մամբ այն ոլորտնե­րուն մէջ, որոնք իրեն վստա­հուած էին՝ ազ­դե­լով Խորհրդա­յին Միու­թեան վրայ եւ ար­ձա­գան­գե­լով անոր սահ­մաննե­րէն շատ հե­ռու։ Մի­կոյեանի ան­մի­ջական իմա­ցու­թիւնը հայ ժո­ղովուրդի կրած տա­ռապանքնե­րուն, 1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շողու­թիւննե­րը եւ պատ­մա­կան հա­լածանքնե­րը առաջնորդեցին զինք՝ ձե­ւակեր­պե­լու հա­ւասա­րակշռուած, ապա­կեդ­րո­նացուած ազ­գութիւննե­րու ծրա­գիր Խրուշչո­վի Քրեմ­լի­նին մէջ, ինչպէս կը բա­ցատ­րէ Շա­քարեան։

Գիր­քը բաժ­նուած է վեց գլուխնե­րու՝ առան­ձին նե­րածա­կան եւ եզ­րա­փակիչ բա­ժին­նե­րով։ Շա­քարեան կը պնդէ, թէ ըմբռնելու համար Մի­կոյեանի զգա­լի ազ­դե­ցու­թիւնը ազ­գութիւննե­րու հար­ցին վրայ, կա­րեւոր է հասկնալ մին­չեւ 1950-ական ժա­մանա­կաշրջա­նը, որուն ամե­նադ­ժուար մա­սը 1930-ական­նե­րու Մեծ զտու­մի ժա­մանակն էր։ Այս առա­ջին գլու­խը կը սահ­մա­նէ այն տրա­մադ­րութիւ­նը, որ ըն­թերցո­ղը պիտի բա­ցայայ­տէ գիր­քի յա­ջորդ մա­սերուն մէջ՝ ման­րակրկիտ ար­խի­ւային աշ­խա­տան­քի վրայ հիմ­նուած պատ­մութիւն, ուր բացառուած է որեւէ մօ­տաւո­րու­թիւն (approximation)։

Խորհրդային Կովկասը 1957−1964 թուականներուն. Փիեթրօ Շաքարեանի «Անաստաս Միկոյեան» գիրքէն

Այ­նուհե­տեւ գիր­քը կ՚անցնի քննար­կման Անաս­տաս Մի­կոյեանի ելոյ­թին Երե­ւանի մէջ, 1954 Մարտ 11-ին, ուր ան կը սահ­մա­նէ քա­ղաքա­կան եւ մտա­ւոր հէն­քը ապաս­թա­լինա­կանաց­ման գոր­ծընթա­ցին եւ խորհրդա­յին ազ­գութիւննե­րու նկատ­մամբ յար­մա­ր քա­ղաքա­կանու­թեան անհրա­ժեշ­տութեան, եր­կու նա­խապա­տւու­թիւններ,– ինչպէս կը նշէ Շա­քարեան,– որոնք «զբա­ղեցու­ցին զինք [Մի­կոյեանը] կեան­քին եւ աս­պա­րէզին մնա­ցած ժա­մանա­կահա­տուա­ծին»։ Շա­քարեան կ՚ու­զէ, որ ըն­թերցո­ղը այս գլուխը ընկալէ որ­պէս ան­կիւնա­քար խորհրդա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ Մի­կոյեանի կեր­պա­րին բար­դութեան։

Եր­րորդ գլու­խը, որ վեր­նագրուած է «Ծի­րանի հո­վանա­ւորու­թիւն», կը զբա­ղի Մի­կոյեանի նա­խաձեռ­նութիւննե­րու որոշ բարդ ման­րա­մաս­նութիւննե­րով՝ խթա­նելու Հա­յաս­տա­նի տնտե­սական զար­գա­ցու­մը։ Ամ­բողջու­թեամբ ար­խի­ւային տուեալ­նե­րու, փաս­տա­թուղթե­րու եւ յու­շե­րու վրայ հիմ­նուած պատ­մութեան մի­ջոցով մենք կը տեղեկանանք Մի­կոյեանի շա­րու­նա­կական քա­ջալե­րան­քին մա­սին Հայ­կա­կան ԽՍՀ քա­ղաքա­կան ղե­կավա­րու­թեան, յաղ­թա­հարե­լու համար խորհրդա­յին վար­չա­կան քաշքշու­քը եւ աջակ­ցութիւն հայ­ցե­լու՝ ար­դիւնա­բերա­կան զար­գացման նոր ծրա­գրե­րու։

Մի­կոյեան, որպէս Գե­րագոյն խոր­հուրդին մէջ հան­րա­պետու­թեան խորհրդա­տու, կ՚առաջնորդէր իր նուազ փոր­ձա­ռու եւ համեմատաբար վերա­պահ հայ­րե­նակից­նե­րը՝ ճշգրտօ­րէն կազ­մե­լու պիւտճէական առա­ջարկներ եւ ձե­ւակեր­պե­լու մա­նածա­գոր­ծութեան գոր­ծատուներ, գիւ­ղատնտե­սական վե­րամ­շա­կող­ներ եւ նոյ­նիսկ ամ­բողջ քա­ղաք­նե­րու փո­խադ­րա­միջո­ցային ու ար­դիւնա­բերա­կան են­թա­կառոյցներ կա­ռու­ցե­լու։

Մի­կոյեանն էր, որ թելադրեց Երե­ւանին Նի­քիթա Խրուշչո­վը հան­րա­պետու­թիւն պաշ­տօ­նական այ­ցե­լու­թեան առթիւ հիւ­րա­սիրել նա­ւակի վրայ, Սե­ւանայ լի­ճին մէջ՝ զայն հա­մոզե­լ կարենալու համար Ար­փա-Սե­ւան ջրանցքի անհրաժեշտ գանձատրու­մին յատկացման, այդպէսով կան­խե­լով բնու­թեան հրա­շալիք­նե­րէն մէ­կուն՝ Սե­ւանայ լի­ճին ցամքումը։

Սեւանայ լիճը՝ Հայաստանի Բերդկունք ամրոցէն (Հոկտեմբեր 2025)

Քա­ջատե­ղեակ իր հայ­րե­նի­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցումնե­րուն՝ Մի­կոյ­եան օգ­տա­գոր­ծեց այդ փոր­ձառութիւնը խորհրդա­յին բո­լոր հան­րա­պետու­թիւննե­րուն մէջ իր աշ­խա­տան­քին ըն­թացքին։ Ան կը հա­ւատար,– ըստ Շա­քարեանի ար­ձա­նագ­րութիւննե­րուն,– որ տնտե­սական բար­գա­ւաճ­ման մի­ջոցով էր, որ բազ­մազգ Խորհրդա­յին Մի­ու­թիւնը կրնար հաս­նիլ մնայուն ըն­կե­րա-տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­­քա­կան կա­յու­նութեան։ Եւ 4-րդ գլու­խին մէջ հե­ղինա­կը կ՚անդրա­դառ­նայ Մի­կոյեանի մնա­յուն յանձնա­ռու­թիւննե­րէն մէ­կուն՝ «տռուժպա նա­րոտով» (ժո­ղովուրդնե­րու բա­րեկա­մու­թիւն) սկզբունքնե­րուն, այ­նուհե­տեւ անցնե­լով 5-րդ գլու­խ՝ ման­րա­մաս­նե­լու Մի­կոյեանի ջան­քե­րը Հիւ­սի­սային Կով­կա­սի մէջ։

Հոս Շա­քարեան հա­մոզիչ կեր­պով կրկին ան­գամ կ՚ընդգծէ, որ շնոր­հիւ իր հայ­կա­կան ծա­գու­մին եւ Կով­կա­սի տա­րածաշրջա­նի բազ­մազգ բար­դութեան անոր ծա­նօթու­թեան ու սե­փական հայ­րե­նիքի հան­դէպ ան­կեղծ գնա­հատան­քին, Մի­կոյեան դար­ձաւ ամե­նաջեր­մե­ռանդ քա­ղաքա­կան առաջ­նորդը առա­ջապահ դիր­քե­րու վրայ՝ քա­ջաբար պաշտպա­նելով չէ­չէն­նե­րու, ին­կուշնե­րու եւ այլ ժո­ղովուրդնե­րու՝ 1950-ական­նե­րուն Կեդ­րո­նական Ասիա հար­կա­դիր աք­սո­րէն ետք՝ վե­րադար­ձը իրենց պատ­մա­կան հայ­րե­նիք­ները, Հիւ­սի­սային Կով­կա­սի մէջ։

Վեր­ջին՝ 6-րդ գլու­խին մէջ, հե­ղինա­կը կ՚անդրա­դառ­նայ Մի­կոյեանի աշ­խա­տան­քին՝ Խորհ. Միութեան Համայնավար կուսակցութեան եր­րորդ ծրագ­րի ազ­գա­յին բաժինին եւ 1960-ական­նե­րու սահ­մա­նադ­րա­կան վե­րանա­յումնե­րուն վրայ։ Մի­կոյեանի խոր ըմբռնումը,– կրկին թե­լադ­րուած իր ծա­գու­մով,– ըն­կերվա­րական հա­ւասա­րակշռու­թեան մէջ բազմաթիւ ցեղային խումբե­րու կարողա­կան (potentiel) ըն­կե­րա-տնտե­սական ու­ժին, անոր թոյլ տուաւ ազ­դել ազ­գա­յին քա­ղաքա­կանու­թեան որո­շումնե­րուն վրայ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րեփո­խումնե­րու դժուարին գոր­ծընթա­ցին ըն­թացքին, Նի­քիթա Խրուշչո­վի օրօք։

Թէեւ վստա­հաբար հե­տազօ­տող­նե­րը ընդհանրապէս գիտեն, որ այս փաս­տե­րը (եւ վերոնշեալը պար­զա­պէս բարձր մա­կար­դա­կի նմուշ մըն է գիրքին մէջ ներկայացուածներէն) սո­վորա­բար կը քննար­կուին խորհրդա­յին աւե­լի մեծ, ընդհանուր քա­ղաքա­կանու­թեան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Նման մօ­տեցումներ քա­ղաքա­կանու­թիւն մշա­կող անհատը կը դի­տար­կեն որ­պէս կա­րեւոր, բայց, յա­ճախ են­թա­կայ աւե­լի լայն հա­մակար­գի պահանջներուն։

Թե­րեւս այդ ճա­կատա­գիրը ամ­բողջո­վին չէ շրջան­ցած նաեւ Մի­կոյեանը, որ «ըն­կերվա­րական ժո­ղովրդա­վարու­թեան» հան­դէպ իր բա­ցար­ձակ հա­ւատ­քով չկրցաւ բե­րել ինքնո­րոշ­ման վերջնա­կան պատ­մա­կան ար­դա­րու­թիւնը Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի հա­յերուն, 1920-ական­նե­րու գործնա­պաշտ «ռէալ­փո­լիթիք»-ի հետեւանք մը, որ աւար­տե­ցաւ 2020-2023 թուական­նե­րուն մար­դա­սիրա­կան աղէ­տով եւ բնիկ ղա­րաբաղ­ցի հա­յերուն բռնի տե­ղահան­մամբ։

Բայց միեւ­նոյն ժա­մանակ, շեղելով «հա­մակար­գ մեղադրել»-ու հաս­տա­տուած սո­վորու­թե­նէն, Շա­քարեան խորհրդա­յին գրա­կանու­թեան կը բերէ ար­խիւնե­րու իր վեր­լուծա­կան ըն­թերցու­մը՝ մանրամասնօ­րէն ներկայացնելով Մի­կոյեանի անձնա­կան ներգրաւումը իւ­րա­քան­չիւր գոր­ծընթա­ցի մէջ, ուր ան կրնար իրա­կան ազ­դե­ցու­թիւն ունենալ։ Հոս մտքի կու գայ Մի­կոյեանի դե­րը չէչէն­նե­րու եւ ին­կուշնե­րու վե­րաբ­նա­կեց­ման գոր­ծընթա­ցին կամ իր հայ­րե­նի Հա­յաս­տա­նը զե­րոյէն ար­դիւնա­ւէտ կա­ռու­ցե­լու գոր­ծին մէջ՝ եր­կու փաս­տեր, որոնք քիչ յայտնի են ոչ-մաս­նա­գէտ­նե­րուն եւ հա­զիւ թէ գնա­հատուած են ան­մի­ջական շա­հառու­նե­րուն կող­մէ։

Ընդհա­նուր առ­մամբ, Փիեթ­րօ Շա­քարեանի «Անաս­տաս Մի­կոյեան»-ը ան­հա­ւատա­լի նոր, բարձր վեր­լուծա­կան եւ լաւ հե­տազօ­տուած վկա­յու­թիւն է խռովայոյզ եւ այ­նուամե­նայ­նիւ մե­ծապէս ան­ծա­նօթ խորհրդա­յին ան­ցեալին մա­սին՝ հա­կառակ հա­սանե­լի հե­տազօ­տու­թիւննե­րու ըն­դարձա­կու­թեան։ Նոյնչափ ալ գիր­քը վկա­յու­թիւն է Շա­քարեանի յա­մառու­թեան՝ բա­ցայայ­տե­լու ճշմար­տութիւ­նը, ըլ­լայ ան քաղցր թէ դառն, որ­պէս գիտ­նա­կան՝ մտա­ւոր եւ զգա­ցակա­նօրէն սերտ կա­պուած իր հե­տազօ­տու­թեան առար­կա­յին։ Գիր­քին մի­ջոցով, Փիեթ­րօ Շա­քարեան կը խօ­սի իր ըն­թերցո­ղին հետ հա­մոզիչ եւ տե­ղեկա­ցուած ոճով։ Սա դիւ­րին կը դարձնէ գիր­քին հե­տե­ւի­լը՝ հա­կառակ թեք­նիք ծա­նօ­թա­գ­րու­թիւն­նե­րու եւ տար­բեր քա­ղա­քա­կան իրա­դար­ձութիւննե­րու կամ ար­ձա­նագ­րութիւննե­րու յղում­նե­րու առա­տու­թեան։

«Անաս­տաս Մի­կոյեան»-ը գիրք մըն է, որ արժանի է տեղ գտնելու ոչ միայն այ­սօ­րուան պատ­մութեան, փի­լիսո­փայու­թեան եւ պե­տական կա­ռավար­ման ու­սա­նող­նե­րու գրա­դարակ­նե­րուն մէջ, այ­լեւ բո­լոր անոնց մօտ, որոնք կը փնտռեն խորհրդային պատ­մութեան եւ քսա­ներորդ դա­րու ըն­կերվա­րու­թեան բազ­մա­կող­մա­նի, առար­կա­յա­կան ըմբռնում։

proseontherocks.substack.com

(2025 Հոկտեմբեր 28)

Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ «Նոր Յառաջ» ■