Կարօ Փայլան.– «Այցելեցի Մուշի եւ Վանի հայկական պատմական վանքերը, որոնք խոնարհած են, դժբախտաբար»

Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլան Դիմագիրքի իր էջին տեսանիւթ մը հրապարակած է Մուշ եւ Վան իր այցելութենէն։

«Այցելեցի Մուշի եւ Վանի հայկական պատմական վանքերը, որոնք խոնարհած են, դժբախտաբար։ Զանոնք վերականգնելու, նորոգելու գլխաւոր պատասխանատուն անշուշտ Թուրքիոյ կառավարութիւնն է։ Սակայն որպէս հայ ժողովուրդ, պէտք է յիշենք մեր ժառանգութիւնը, պէտք է հետապնդենք անոնց վերականգնումը»,– գրած է ան։

Տեսանիւթի կապը՝ https://artsakhpress.am/arm/news/168773/ayceleci