«Կը խնդրենք Վեհափառ հայրապետէն ու կ՚առաջարկենք» 

 

Միքայէլ արք․ Աջապահեանի եւ Բագրատ Գալստանեանի Նոյեմբեր 30-ի յայտարարութիւնը

Բանտը գտնուող Միքայէլ արք․ Աջապահեան եւ Բագրատ Գալստանեան Մայր Աթոռի վարքը քննադատող 10 սրբազաններու առաջին յայտարարութեան հակազդելէ ետք, ընդդէմ անոնց երկրորդ յայտարարութեան՝ հրապարակած են շատ աւելի խիստ յայտարարութիւն մը, ուր ի միջի այլոց, Գարեգին Բ.-էն կը պահանջեն զանոնք կարգալոյծ հռչակել։ 

Ստորեւ անոնց յայտարարութիւնը.

«Նոյեմբեր 27-ին հրապարակուած յայտարարութենէն ետք բեմականացուած խայտառակութիւնը, ինչպէս նաեւ յաջորդող զարգացումները մեզ կը ստիպեն խոր ցաւով կատարելու հետեւեալ արձանագրումները․

ա/ Մայր Աթոռի եպիսկոպոսաց դասի 57 անդամներէն 10-ը պաշտօնապէս յայտարարած են, որ իրենք այլեւս չեն ցանկար մաս կազմել մեր եղբայրութեան, ուստի մենք կը ճանչնանք զիրենք խորթ եւ օտար, որոնց նկատմամբ, ցաւօք, 20-էն 40 տարի եղբայրական զգացումներ տածած ենք՝ ինչ որ բազմիցս ապացուցած ենք գործով եւ խօսքով․ որոշումը ձերը եղած է՝ մեզ մի՛ մեղադրէք։․․․

բ/ Կատարուածը վերին աստիճանի նենգ եւ տիրադաւ դաւաճանութիւն է՝ դաւադրաբար եւ ստորնաբար, ինչ որ գարշելի է նոյնիսկ աշխարհականներու, ալ ո՛ւր մնաց բարձրաստիճան հոգեւորականներու պարագային։ Իրենք կրնային ամէն ինչ ընել բացէիբաց՝ եկեղեցական ատեաններու մէջ, արտայայտելով իրենց դժգոհութիւնն ու պահանջները, մինչեւ իսկ վերջնագիր ներկայացնելով Վեհափառ հայրապետին, սակայն գերադասած են գործել գաղտագողի եւ թաքուն՝ իբրեւ շարքային դաւադիրներ։

գ/ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը մեր աչքերուն առջեւ եւ ներկայութեամբ առիթը եւ կարելիութիւնը չէ փախցուցած քծնելու եւ շողոքորթելու Վեհափառ հայրապետին, որուն հայրական խնամքը վայելելով բարձրագոյն կոչումներ եւ պաշտօններ ստացած են եկեղեցւոյ մէջ՝ բացարձակ անարժան ըլլալով իրենց գրաւած այդ դիրքին, որուն խօսուն վկայութիւնն է իրենց քստմնելի արարքը։ Եթէ Վեհափառը սխալած է որեւէ բանի մէջ, փաստօրէն այդ եղած է իրենց նկատմամբ ունեցած վստահութիւնը, անոնց գործած բազմաթիւ եւ զանազան մեղքերը իր վրայ առնելով՝ հայրական հոգածութեան ներքեւ պահելով զիրենք։

դ/ Տիրադաւներէն առնուազն 6-ը մասնակցած են 1999 թուականի Ազգային եկեղեցական ժողովին եւ յայտնապէս քուէարկած են օրուան Վեհափառ հայրապետին ի նպաստ եւ այդ մասին հպարտօրէն յայտարարած են 26 տարի շարունակ՝ նաեւ չմոռնալով ծաղրել այն հոգեւորականները, որոնք ընտրութեան իսկ չմասնակցելով որեւէ դրական արտայայտութիւն ունեցած են ասպարէզի վրայ գտնուող այլ թեկնածուներու նկատմամբ։

ե/ Միւս 4 տիրադաւները ուսանողութենէն մինչեւ աբեղայութիւն եւ եպիսկոպոսութիւն վայելած են Հայրապետին խնամքը, որու շնորհիւ հասած են յառաջխաղացման նոյն Հայրապետին ձեռամբ՝ արժանանալով եպիսկոպոսական օծման եւ ձեռնադրութեան։ Սա կը խօսի իրենց կերպարին մասին։

զ/ Կարելի է, հարկաւոր է, գուցէ եւ պէտք է ամէն ինչի մէջ չհամաձայնիլ Վեհափառ հայրապետին հետ, ինչ որ իրենք երբեք չեն ըրած անցնող 26 տարիներուն եւ դեռ հակառակը՝ սողացած են, մինչ մենք այդ ըրած ենք բազմիցս՝ մեզ ենթարկելով Հայրապետի յանդիմանութեան ու դժգոհութեան։ Ուստի, 26 տարուան շարունակական քծնանքէ ետք իրենց կաշին որեւէ բանէ փրկելու համար՝ անպատկառ եւ հայրենադաւ իշխանաւորներու առջեւ գլխակորոյս սողալը եւ անորոշ «սկզբունքներ» պաշտպանելը երկրի թիւ 1 անսկզբունքայինին հետ՝ ինքնաոչնչացում է։ Իսկապէս ալ նմանը կը գտնէ իր նմանը, տիրադաւը՝ հայրենադաւը, յուդաները՝ նիկոլայիտները։

է/ Տիրադաւները ստեղծած են վիճակ մը, որ Հայ եկեղեցւոյ մէջ աննախադէպ է գէթ վերջին 200 տարուան մէջ։ Ուստի անհրաժեշտ է աննախադէպ պատասխան եւ արձագանգ․ խոտորնակին՝ խոտորնակ, ինչպէս կ՚ըսէ ժողովրդական իմաստնութիւնը։

Կը խնդրենք Վեհափառ հայրապետէն ու կ՚առաջարկենք․

1․ Դադրեցնել հերձուածող եւ անհնազանդ առաջնորդներու պաշտօնավարումը, որոնք իրենց վարքով արդէն իսկ կայացուցած են իրենց դատավճիռը։

2․ Անմիջապէս նոր առաջնորդներ նշանակել տուեալ թեմերուն մէջ։

3․ Հրաւիրել եպիսկոպոսաց ժողով՝ ապահովելով մեր երեք սրբազաններու մասնակցութիւնը, կամ՝ մեր ազատութենէն ետք։

4․ Եպիսկոպոսաց ժողովէն ետք կարելի կ՚ըլլայ գումարել Ազգային եկեղեցական ժողովը։

Կը դիմենք տուեալ թեմերու քահանաներուն՝ դուք պարտաւոր էք այլեւս չենթարկուելու ձեր հերձուածող առաջնորդներուն եւ վայրկեան առաջ հաւատարմութիւն յայտնել ւ Վեհափառ հայրապետին եւ ենթարկուելու Նորին սրբութեան տնօրինութիւններուն։

ը/ Եւ վերջաւորութեան կ՚ուզենք յոյս յայտնել, որ տիրադաւներէն ոմանք կ՚երթան Պետրոսի ճանապարհով եւ դառն լացով կը փորձեն զղջմամբ գէթ հոգեւորական մնալ, մինչ միւսներուն կը սպասէ Յուդայի ճակատագիրը։

Քահանայք եւ ժողովուրդք, փարած մնացէք մեր Սուրբ եկեղեցւոյ եւ հաւատարիմ՝ հայոց օծեալ Հայրապետին։ Մեր բոլորին համար փորձութեան եւ փորձուելու ժամ է։ Չարը կը մռնչէ՝ կլանելու իւրաքանչիւրս եւ բոլորս միասին։ «Մեր մէջէն ելան անոնք, բայց մեզմէ չէին, որովհետեւ եթէ մեզմէ ըլլային, ապա մեր մէջ ալ կը մնային։ Բայց մեզմէ ելան, որպէսզի յայտնի ըլլար, որ անոնք ամէնքը մեզմէ չեն» (Ա Յովհ․ Բ։ 12)։

«Հոգիով ջերմեռանդ եղէք, Տիրոջը ծառայեցէք, յոյսով ուրախացէք, նեղութեան համբերեցէք, յարատեւ աղօթեցէք․․․ Մի պարտուիր չարէն, այլ բարիով յաղթէ չարին» (Հռոմ․ ԺԲ։ 11-13, 21)։

Յ․ Գ․ Աստուած մի արասցէ, որ օր մը պարզուի, թէ տիրադաւները դերակատարութիւն ունեցած են նաեւ մեր եւ Մկրտիչ սրբազանի ազատազրկման հարցին մէջ, որու մասին կասկածելու բոլոր հիմքերը առկայ են։

2025 Նոյեմբեր 30»