Հաճիեւ. «Երեւանն ու Պաքուն կը քննարկեն Ազերպայճանէն Հայաստան քարիւղի եւ քարիւղամթերքի արտածման հարցը»

Ազերպայճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերու օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ Տոհայի մէջ ընթացող միջազգային համաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Երեւանն ու Պաքուն կը քննարկեն Ազերպայճանէն Հայաստան քարիւղ եւ քարիւղամթերք արտածելու հարցը։ 

Ըստ Հաճիեւի՝ անցեալ շաբաթավերջին ազերպայճանական Կապալա քաղաքին մէջ է, որ կողմերը քննարկած են քարիւղի արտածման նիւթը։ Ալիեւի օգնականը այս քննարկումները աննախադէպ որակած է՝ առանց այլ մանրամասնութիւն հաղորդելու։

“Վերջերս Հայաստանի փոխվարչապետը այցելեց Ազերպայճանի Կապալայի շրջանը։ Կրկին, սա աննախադէպ զարգացում էր։ Հայաստանի փոխվարչապետը պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Ազերպայճան, ուր քննարկեցին սահմանազատման գործընթացը։ Ատոր հետ մէկտեղ անոնք քննարկեցին նաեւ երկու երկիրներու միջեւ փոխադարձ առեւտուրի որոշ ոլորտներ։ Այժմ մեր կողմէ քննարկուող ոլորտներէն մէկը քարիւղի եւ քարիւղամթերքի արտածումն է Ազերպայճանէն Հայաստան։ Սա նոյնպէս աննախադէպ զարգացում է”,– նշած է Հաճիեւ։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան Նոյեմբեր 28-ին Կապալա գացած էր՝ սահմանազատման յանձնաժողովներու 12-րդ հանդիպման մասնակցելու համար։ Սակայն ո՛չ Երեւանը, ո՛չ ալ Պաքուն հանդիպումէն ետք յայտնած էին, որ սահմանազատման գործընթացէն զատ քննարկած են նաեւ տնտեսական հարցեր։ Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուէր միայն, որ փոխվարչապետեր Մհեր Գրիգորեանն ու Շահին Մուսթաֆաեւը առանձին մտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։