Փետրուար 15-ին, Հայաստան՝ աւարտելով աշխատանքները ազերպայճանական կողմին յանձնած է խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ իր առաջարկները։ Սոյն առաջարկները յանձնուած են նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն:
Կառավարութեան Փետրուար 16-ի նիստին այս մասին յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան։
“Հայաստանի Հանրապետութիւնը երէկ աւարտել է Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւնների հաստատման պայմանագրի նախագծի հերթական փուլի աշխատանքները, եւ մեր առաջարկները փոխանցուած են ադրբեջանական կողմին: Առաջարկներ ասելով՝ պէտք է նկատի ունենալ ամբողջական փաստաթղթի նախագիծը՝ մեր առաջարկներով: Փաստաթուղթը փոխանցել ենք նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրներին”,– ըսած է վարչապետը, աւելցնելով. “Ի հարկէ այդ փաստաթուղթը պիտի ընդունելի լինի նաեւ Ադրբեջանի համար”:
“Եւ մենք յոյս ունենք, որ արդէն 3 փուլ բանակցութիւնների արդիւնքում հնարաւոր կը լինի որոշակի առաջընթաց արձանագրել։ Մեր տեսլականը հետեւեալն է՝ փաստաթուղթը պէտք է պարունակի պայմանաւորուածութիւնների այնպիսի տրամաբանութիւն, հակակշիռների եւ զսպումների այնպիսի գործուն համակարգ, որը կը բացառի տեւական եւ կայուն խաղաղութեան խաթարման որեւէ բեմագրութիւն”,– ընդգծած է Փաշինեան:
Ան կրկին արտայայտած է կառավարութեան եւ անձամբ իր յանձնառութիւնը՝ օր առաջ ստորագրելու խաղաղութեան հաստատման այնպիսի պայմանագիր, որ մնայուն ու կայուն խաղաղութեան երաշխիք կը դառնայ, ընդգծելով թէ ինք պատրաստ է յանձն առնելու այդ պատասխանատւութիւնը։